Zndoog.com կայքէջի թողարկում

08 Հկտ 2021

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ 16 Հոկտեմբեր 2021 թուականին տեղի պիտի ունենայ Զնտուկ կայքէջին առցանց ներկայացումը։

Զնտուկը (zndoog.com) համացանցային լայնածաւալ շտեմարան մըն է, ուր ընդգրկուած են աշխարհի չորս ծագերուն ստեղծուած մանկավարժական արեւմտահայերէն աղբիւրներ եւ գործիքներ։ Կայքէջը կը ներկայացնէ հայերէնի ուսուցման արդիական մեթոտաբանութեամբ պատրաստուած ծրագիրներ։

Համացանցային այս կեդրոնին շնորհիւ՝ մանկավարժներ, ուսուցիչներ եւ ծնողներ, դպրոցներէն ներս կամ դուրս, իրենց տրամադրութեան տակ պիտի ունենան հարուստ առցանց վայր մը։ Աւելին՝ Զնտուկը հասանելի պիտի ըլլայ բոլոր անոնց, որոնք պարզապէս հետաքրքրուած են արեւմտահայերէնով եւ կը ձգտին ծանօթանալ ժամանակակից մանկավարժական մօտեցումներուն։

Զնտուկը կ՚ընդգրկէ համացանցային հայալեզու էջեր, մանկական տեսերիզներ, ձայներիզներ, շարժապատկերներ, շարժանկարներ, տարբեր տարիքներու համար նախատեսուած ծրագիրներ, նաեւ՝ գրական ստեղծագործութիւններ, բառարաններ, խաղեր եւ այլ զանազան նիւթեր։ Զնտուկին մէջ կարելի է գտնել ուսուցիչներու համար պատրաստուած գրաւոր եւ լսատեսողական նոր ուղեցոյցներ, որոնց աջակցութեամբ ուսուցիչները կրնան դիւրութեամբ ըմբռնել ծրագիրներու կիրառութեան հանգրուանները եւ հիմնական մօտեցումները։

Մանկավարժական որոշ սկզբունքներու վրայ հիմնուելով ստեղծուած է Զնտուկը։ Լեզուն իր ամբողջութեամբ ընդգրկուած է իբրեւ ապրող, շնչող, ինքզինք զարգացնող, աշխարհին հետ զուգահեռ յառաջացող միջոց, վայր եւ եղանակ: Կայքէջը կ՚որդեգրէ երեխայակեդրոն եւ ուսանողակեդրոն մօտեցում մը։ Զնտուկը միշտ պատրաստ է իր բովանդակութիւնը ընդլայնելու։ Հետեւաբար, Զնտուկին դռները բաց են իր սկզբունքներուն համապատասխանող այլ լեզուական աղբիւրներու։

Զնտուկի առցանց ներկայացման ընթացքին կլոր սեղանը պիտի վարէ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանը։ Զրոյցի ընթացքին խօսք պիտի առնեն Բաժանմունքին արեւմտահայերէնի զարգացման պատասխանատուն, դպրոցներու եւ կրթական ծրագիրներու աւագ վարիչ Անի Կարմիրեան (Լիզպոն, Փորթուկալ), գրող ու Ինալքոյի հայկական գրականութեան դասախօս Քրիստիան Բատիկեան (Փարիզ, Ֆրանսա), Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ տնօրէն Մարի Կիւլիւմեան (Նիւ Եորք, ԱՄՆ), Հայ Կապոյտ Խաչի Զաւարեան Ազգային վարժարանի տնօրէն Հայկանուշ Մինասեան (Աթէնք, Յունաստան), Սուրբ Մեսրոպ-Արապեան վարժարանի հայերէնի ուսուցիչ եւ համադրող Նորա Սարաֆեան Թաշճեան (Ալֆորվիլ, Ֆրանսա) եւ ՀԲԸՄ Ալեք Մանուկեան վարժարանի հայերէնի ուսուցիչ Նանոր Սարգիս (Մոնթրէալ, Քանատա)։

Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ Լիզպոնի ժամով 20:00-ին։ Կարելի է միանալ հետեւեալ յղումով՝

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի մանկավարժական եւ ուսուցողական բազմապիսի նախաձեռնութիւններուն նորագոյնն է Զնտուկը: Իր ծաւալուն եւ շարունակ ընդլայնող պարունակութեամբ, կայքէջը խթան պիտի հանդիսանայ արեւմտահայերէնի ուսուցման, զարգացման եւ ամրապնդման։

 

 

Այցելել Զնտուկի կայքէջը.

զնտուկ

 

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։