Նորարար մշակոյթի ծրագիր | Լիբանան
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի «Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»-ը ուղղուած է լիբանանահայ ա՛յն երիտասարդներուն, որոնք կը փափաքին արեւմտահայերէնով ստեղծագործել: Ծրագրին հիմնական նպատակն է խթանել արեւմտահայերէնով յղացուած նորաշունչ նախաձեռնութիւններու կիրառութիւնը:
Հիմնարկութիւնը «Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»-ը մեկնարկեց Փետրուար 2020-ին. ան Լիբանանին վերաբերող ռազմավարութեան հինգ հիմնասիւներէն մէկն է:
Ծրագրին առաջին տարուան ընթացքին Հիմնարկութիւնը Լիբանան ապրող 18-35 տարեկան երիտասարդներէ ստացաւ 27 դիմում, որոնցմէ ընտրուեցաւ տասը ծրագիր: Այժմ, իւրաքանչիւր ծրագրի պատասխանատու անձ կամ խմբակ կ’աշխատի կեանքի կոչել իրենց ժամանակին եւ բազմաբնոյթ իրականութեան առնչուող ստեղծագործ եւ նորարար ծրագիրները, որպէս արտայայտչամիջոց ունենալով արեւմտահայերէնը:
Լիբանանի «Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»-ին 2020-2021 թուականի նպաստառուներն են՝
Հարթակ մը, ուր տարբեր տեսակի արուեստներու (լսողական, տեսողական, գրական…) աշխատանոցներու ընդմէջէն հնարաւոր պիտի ըլլայ անդրադառնալ երիտասարդութիւնը յուզող բազմազան նիւթերու:
Առցանց թատերական ներկայացում մը՝ Պուրճ Համուտի ոսկերիչներու անհետացող արհեստին եւ անոնց առօրեային մասին:
Երկու երկհարթ շարժապատկերներ (animation), հիմնուած Հրակ Փափազեանի «Բռնկում» եւ «Շրջիկները» կարճ պատմուածքներուն վրայ:
Վաւերագրական կարճ ֆիլմերու շարք՝ որ կը յայտնաբերէ շրջանի հայութեան կեանքը բնորոշող յատկանշական հիմնական երեւոյթները:
Երիտասարդները հետաքրքրող, արեւմտահայերէնով հազուագիւտ խօսուող նիւթեր մատուցող հարթակ մը, որ նաեւ կ’անդրադառնայ հայերէնի տարբեր բարբառներուն:
Լուսանկարչական պատում մը, որ կը նշմարէ հայու պատառիկներ եւ կը ներկայացնէ մեր շուրջ ապրող անյայտ հերոսները:
Հայոց պատմութեան մասին եօթը շարժապատկերներու (animation) շարք մը, որ լայն բնաբաններու ընդմէջէն պիտի քննարկէ հայոց պատմութեան մէջ որոշիչ դեր խաղցած տարբեր նիւթեր:
Անդրադարձ Լիբանանահայ հին թերթերու ծանուցումներու մշակոյթին, որ կը միտի վերակենդանացնել հոն եղած հարուստ եւ գունաւոր լեզուն:
Լիբանանահայ վեց գրողներ՝ Անդրանիկ Ծառուկեան, Աբրահամ Ալիքեան, Պօղոս Սնապեան, Պէպօ Սիմոնեան, Սարգիս Կիրակոսեան եւ Յակոբ Մանուկեանի մասին վաւերագրական տեսերիզներ:
Գիտաառեղծուածային նկարչական վէպ, որուն դէպքերը տեղի կ’ունենան Վազրիկի կեանքին ակնթարթներէն մէկուն ընթացքին, ապագայապաշտ Պուրճ Համուտի մը մէջ:
Ծրագիրներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւն եւ մանրամասնութիւններ ունենալու համար կարելի է հետեւիլ Ֆէյսպուքի եւ Ինսթակրամի «Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր» էջերուն՝ Facebook page եւ Instagram account։