Զարդիս մատենաշար

05 Մրտ 2021

Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի հովանաւորութեամբ՝ 2019-ին ճամբայ ելաւ «Զարդիս Մատենաշար» թարգմանական ծրագիրը, որուն նպատակն է՝ ժամանակակից մանկապատանեկան գրականութեան ծանօթ գիրքերէն փունջ մը արեւմտահայերէն լեզուով տրամադրելի դարձնել։

Գիրքերը տարիքային տարբեր մակարդակներու համար նախատեսուած ու յանձնարարուած են, 3 տարեկանէն մինչեւ 18 տարեկան։ Տրուած ըլլալով սակայն առաջարկուած նիւթերու բազմազանութիւնը, տարբեր տարիքի երեխաներ ու պատանիներ, մինչեւ իսկ չափահասներ, կրնան վայելել այս հետաքրքրաշարժ գիրքերուն ընթերցումը։

«Զարդիս Մատենաշար»ին հրատարակիչներն են Եւրոպայի մէջ՝ Նոր Յառաջը, իսկ Ամերիկայի մէջ՝ Ապրիլ Գրատունը։ Գիրքերը դիւրութեամբ հասանելի են եւ կարելի է զանոնք նշեալ հրատարակիչներէն պատուիրել։

Մինչ այսօր՝ տրամադրելի հատորները հետեւեալներն են.

Ե՛ս եմ ամենէն ուժովը

Հեղինակ՝ Մարիօ Ռամոս,
Թարգմանուած ֆրանսերէն բնագիրէն՝ «C’est moi le plus fort !»,
Յանձնարարուած՝ 4-էն 8 տարեկան ընթերցողներու համար։

 

Մինչ մազերս կ՚երկննային

Հեղինակ՝ Իզապէլ Մինիոս Մարթինս,
Թարգմանուած փորթուկալերէն բնագիրէն՝ «Enquanto o Meu Cabelo Crescia»,
Յանձնարարուած՝ 6-էն 12 տարեկան ընթերցողներու համար։

 

Հաւկիթ գնելու ճամբուս վրայ

Հեղինակ՝ Չէն Չի-Եուան,
Թարգմանուած թայուաներէն բնագիրէն՝ «小魚散步/On my Way to Buy Eggs»,
Յանձնարարուած՝ 6-էն 12 տարեկան ընթերցողներու համար։

 

Ռազմաձի

Հեղինակ՝ Միքայէլ Մորփուրկօ,
Թարգմանուած անգլերէն բնագիրէն՝ «War Horse»,
Յանձնարարուած՝ 12 տարեկանէն վեր ընթերցողներու համար։

 

Վերջին հսկաները

Հեղինակ՝ Ֆրանսուա Փլաս,
Թարգմանուած ֆրանսերէն բնագիրէն՝ «Les derniers géants»,
Յանձնարարուած 12 տարեկանէն վեր ընթերցողներու համար։

 

Հետեւեալ երկու հատորները մօտ ատենէն լոյս պիտի տեսնեն.

 

Շունին վերաբերող գիշերային տարօրինակ պատահարը

Հեղինակ՝ Մարք Հատտոն,
Թարգմանուած անգլերէն բնագիրէն՝ «The Curious Incident of the Dog in the Night-time»,
Յանձնարարուած՝ 14 տարեկանէն վեր ընթերցողներու համար։

 

Գորալին

Հեղինակ՝ Նէյլ Կէյման,
Թարգմանուած անգլերէն բնագիրէն՝ «Coraline»,
Յանձնարարուած՝ 12 տարեկանէն վեր ընթերցողներու համար։

 

Նախատեսուած են նաեւ այլ հատորներ, գրական կամ վաւերագրական։

Ծանօթութիւն՝ տրուած ըլլալով երեխաներու եւ պատանիներու մօտ՝ հայերէն լեզուով կարդալու եւ հասկնալու տարբեր մակարդակները, տարիքային յանձնարարութիւնները նշուած են միայն որպէս թելադրանք, լայն իմաստով։ Ճիշդ է որ ամեն մէկ հատոր նախատեսուած է տարիքային որոշ խումբի մը համար, բայց աւելի մեծերը կամ աւելի պզտիկները, ու իրենց հետ նաեւ չափահասները, հաճոյքով պիտի կարդան զանոնք։

 

 

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։