100.000 տոլարի մարդասիրական օգնութիւն Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին

15 Հկտ 2020

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը 100.000 տոլար կը յատկացնէ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին, որպէս մարդասիրական օժանդակութիւն Արցախի ժողովուրդին։ Այս օժանդակութիւնը կը միտի մարդասիրական եւ բժշկական օգնութիւն հասցնելու, եւ վերջին օրերու պատերազմին պատճառով տուժած քաղաքացիներուն նեցուկ կանգնելու։

Հիմնարկութեան տնօրէնուհին՝ Իզապէլ Մօթա նշեց, որ այս օժանդակութիւնը «շարունակութիւնն է Պրն. Գալուստ Կիւլպէնկեանի աւանդութեան, եւ կը հաստատէ հայ ժողովուրդին օգնութեան հասնելու տարիներու առաքելութիւնը, երբ ան դժուար կացութեան մէջ կը գտնուի»։ Տիկին Մօթա աւելցուց՝ «2020 թուականը լի էր մարտահրաւէրներով, յատկապէս Հայաստանի ու Միջին Արեւելքի հայ համայնքներուն համար։ Ինչպէս որ մեր հիմնադիրը 1920-ականներուն օգնած է հայ գաղթականներուն, այսօր մենք կ՚օգնենք պատերազմէն տուժողներուն»։

Այս տարի, Հիմնարկութիւնը զանազան առիթներով մարդասիրական օգնութիւն տրամադրեց թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ՛ Սփիւռքի։

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։