Ձեր խօսքը լսեցինք
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը ապրիլ 2020-ին մեկնարկեց Խօսք Առ մրցանակը։ Այս իւրայատուկ նախաձեռնութիւնը – եզակի իր տեսակին մէջ – հրաւիրեց աշխարհասփիւռ հայախօսներ ներկայացնելու տարբեր տեսակի նորարար լսատեսողական եւ գրական արտադրութիւններ, որոնք կը մղեն հայերէնով մտածելու եւ հայերէնով արծարծելու մարդկութեան դիմագրաւած այսօրուան հիմնահարցերը։
Ստացանք տասնըութը երկիրներէ եւ տարբեր ձեւաչափերու 165 դիմում. շարժանկար ու շարանկար, երգ ու երգիծանք, ծաղրանկար, բանաստեղծութիւն, արձակ, տեսահոլովակ, զանազան ձեւաչափերով արտադրութիւններ եւ աւելին։ Ամենէն երիտասարդ դիմողը ութ տարեկան էր, իսկ ամենէն տարիքովը՝ ութսուներեք։ Եօթ հոգիէ բաղկացած ներքին յանձնախումբը մեծ հետաքրքրութեամբ արժեւորեց բոլոր դիմումները, ու որոշեց յատկացնել վաթսուն մրցանակ։ Տրուած ըլլալով որ բազմաթիւ էին հետաքրքրական եւ որակեալ դիմումները, յիսունի փոխարէն տրուեցաւ վաթսուն մրցանակ. քսանհինգ մրցանակ Հայաստանէն դիմողներու, եւ երեսունհինգ Սփիւռքէն դիմողներու, որ կը համապատասխանէ դիմողներուն քանակին։
Խօսք Առ մրցանակին հիմնական նպատակներէն էր խթանել բոլոր տարիքի եւ տարբեր հետաքրքրութիւններ ունեցող մարդոց մտածելու հայերէնով եւ լեզուն գործածելու ստեղծագործ եւ այլազան ձեւերով։ Այս չափանիշերը, ինչպէս նաեւ ներկայացուած գործին կարողականութիւնն ու հոն արտայայտուած միտքերուն թարմութիւնը գնահատումի հիմնական չափանիշերն էին։ Ասոնց առընթեր, յանձնախումբը նաեւ նկատի առաւ դիմողներուն տարիքը, բնակութեան վայրը եւ ներկայացուած աշխատանքներուն ձեւաչափը։ Մրցանակակիրներու ընտրութեան գործընթացքը իսկական մարտահրաւէր մըն էր յանձնախումբին համար։
Յատկապէս ուրախ ենք որ մեծ քանակով երիտասարդներ դիմեցին Խօսք Առ մրցանակին՝ ստեղծագործ աշխատանքներով ուր հիմնական արտայայտչամիջոցը հայերէնն էր։ Մեծ ուրախութիւն է նաեւ տեսնել թէ այս մրցանակին շնորհիւ կը գոյանայ հայերէնով ստեղծագործելու փափաք մը. հայ երիտասարդ եւ ստեղծագործ միտքեր կը սկսին փնտռել իրենց նմանները եւ կը փափաքին, կապ հաստատելով, կորիզ մը կազմել։ Մասնակիցներէն մէկը շատ դիպուկ ամփոփեց մրցանակին միտք բանին՝
«Շատ ուրախ եղայ դպրոցը աւարտելէս 10 տարի յետոյ առաջին անգամ ըլլալով նման նիւթերու մասին հայերէն գրելով: Այլ լեզուներով միշտ կը գրեմ, բայց երբեք չէի մտածած որ հայերէն ալ կարելի է գրել: Կը կարծէի թէ մոռցած եմ, առաջին բառերը դժուարութեամբ ելան բայց քանի մը վայրկեան յետոյ ամէն բան վերյիշեցի: Ասանկ առիթ մը պէտք էր միայն:))»
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր մասնակիցներուն եւ կը շնորհաւորենք բոլորը։ Այստեղ կը գտնէք մրցանակ ստացողներուն ցանկը, իսկ այստեղ կրնաք գտնել հետաքրքրական վիճակագրութիւն մրցանակին դիմողներուն մասին։ Կը ներկայացնենք նաեւ քանի մը մրցանակակիրներու ինչպէս նաեւ ոչ մրցանակակիրներու խօսքերը. բարի ընթերցում։
Խօսք Առ-ի վիճակագրութիւնՅաղթողներու ցանկ
Ահա քանի մը մէջբերում մասնակիցներէն։