Գործածութեան պայմաններ

Այս կայքէջը ստեղծուած է, կը պատկանի ու կը շահագործուի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ, որուն վարչական կեդրոնը կը գտնուի Լիզպոն՝ Avenida de Berna, nº 45-A, 1067-001 Lisbon, Portugal հասցէով, հարկային թիւ՝ 500745684 (այսուհետ՝ «Հիմնարկութիւն»), կայքէջին գործածութիւնը կը կարգաւորուի սոյն Գործածութեան պայմաններով:

 

Գործածութեան պայմաններու ընդունում

Կայքէջը օգտագործողը («Օգտագործող») կ՚ընդունի, որ գործածելով այս կայքէջը՝ ան կ՚ընդունի նաեւ սոյն Գործածութեան պայմանները:

 

Գործածութեան պայմաններու փոփոխութիւն

Հիմնարկութիւնը իրեն իրաւունք կը վերապահէ որեւէ ժամանակ, առանց նախազգուշացումի եւ անմիջապէս կիրարկելի ձեւով փոփոխելու, աւելցնելու, թարմացնելու եւ կամ մասնակի կամ ամբողջութեամբ ջնջելու սոյն Գործածութեան պայմանները:

Օգտագործողը պէտք է պարբերաբար քննէ սոյն Գործածութեան պայմանները՝ վստահ ըլլալու թէ արդեօք որեւէ թարմացումներ կամ փոփոխութիւններ կատարո՞ւած են կամ ոչ:

Եթէ համաձայն չէք Գործածութեան պայմաններէն որեւէ մէկուն, ապա կայքէջը պէտք չէ գործածէք:

 

Մուտք դէպի կայքէջ

Կայքէջ մուտք գործելու համար պարտադիր չէ արձանագրուիլ: Հիմնարկութիւնը իրաւունք ունի մասամբ կամ ամբողջութեամբ դադրեցնել կայքէջի մուտքը, մասնաւորապէս (բայց ոչ բացառապէս) կառավարումի, կարգաւորումի, վերանորոգումի, փոփոխութեան կամ արդիականացումի աշխատանքներու ընթացքին: Հիմնարկութիւնը որեւէ ժամանակ կրնայ նաեւ որոշել մշտապէս կամ ժամանակաւորապէս չեղարկել կայքէջը կամ անոր ծառայութիւններէն որեւէ մէկը, մասնակի կամ ամբողջութեամբ, առանց նախապէս զգուշացնելու ատոր մասին:

 

Կայքէջի գործածութիւն

Կայքէջի գործածութիւնը ենթակայ է հետեւեալ կանոններուն.

  • Կայքէջը կարելի չէ գործածել որեւէ բովանդակութիւն ղրկելու կամ հասանելի դարձնելու, որ կրնայ ըլլալ՝ անօրինական, կեղծ, ապակողմնորոշող, սպառնացող, չարամիտ, վիրաւորական, զրպարտող, վիրաւորող, անձնական կեանքի գաղտնիութեան սպառնացող, ցեղային առումով կամ բարոյապէս անարգող, վնասակար կամ վիրաւորական մարդու արժանապատուութեան, կամ վնասակար անչափահասներու համար, կամ որեւէ նիւթ որ կրնայ վատ անդրադառնալ Հիմնարկութեան համբաւին վրայ։
  • Կայքէջը կարելի չէ գործածել որեւէ տեղեկութիւն կամ բովանդակութիւն ղրկելու կամ հասանելի դարձնելու, որ երրորդ կողմերու կը պատկանի, եւ որուն գործածութեան իրաւունքը չկայ, օրինակ՝ բովանդակութիւն որուն հեղինակային իրաւունքը երրորդ կողմէ պաշտպանուած է կամ որուն մէջ երրորդ կողմի անձնական տուեալներ կան։
  • Կայքէջը կարելի չէ գործածել որեւէ տեսակի նիւթ հասանելի դարձնելու կամ փոխանցելու, որ կը պարունակէ կամ կրնայ պարունակել համակարգչային վնասակար քոտեր, կամ այլ տարրեր, ներառեալ համակարգչային պանակներ կամ ծրագիրներ, որոնք կրնան ընդհատել, ոչնչացնել կամ սահմանափակել որեւէ սարքի կամ համակարգչային համակարգի գործունէութիւնը (hardware կամ software), ինչպէս նաեւ որեւէ կապի սարքաւորումի գործունէութիւնը։
  • Կայքէջը կարելի չէ գործածել կամ շահագործել, ներառեալ անոր բովանդակութիւնը, նիւթերը, հնարաւորութիւնները կամ միջոցները (բոլոր առկայ բովանդակութիւնը հասանելի է միայն անձնական գործածութեան համար) որեւէ շահութաբեր նպատակներով կամ որեւէ այլ նպատակով որ գումարի վճարում կ՚ենթադրէ։
  • Հեղինակային իրաւունքի, ապրանքանիշի կամ սեփականութեան իրաւունքի մասին որեւէ տեղեկութիւն կարելի չէ ջնջել։
  • Կարելի չէ որեւէ անձի կամ կազմակերպութեան ինքնութիւնը գողնալ, ներառեալ բայց չսահմանափակուելով Հիմնարկութեան մէջ աշխատող պատասխանատու անձերու ինքնութիւնը. որեւէ մէկուն ուղղութիւն պէտք չէ տալ, ոչ ալ ողջունել որպէս հիւրընկալող, կարելի չէ կեղծաւորութեամբ հաստատել որեւէ անձի հետ առնչութիւն կամ կապ ունենալը։
  • Կարելի չէ հասանելի դարձնել կամ փոխանցել որեւէ չհաստատուած կամ չարտօնուած բովանդակութիւն, օրինակ՝ spam-ը։
  • Կարելի չէ արգելուած նպատակներով հաւաքել, պահել, հասանելի դարձնել, փոխանցել, գործածել կամ վերարտադրել ուրիշ Օգտագործողներու մասին տեղեկութիւններ (ներառեալ Օգտագործողներու անունները եւ կամ ել-նամակի հասցէները):

Ընդհանուր առմամբ, Օգտագործողը պէտք է նաւարկէ կայքէջին մէջ պատասխանատու, շրջահայեաց եւ զգոյշ կերպով, եւ պէտք չէ խախտէ կամ նսեմացնէ կայքէջին հնարաւորութիւնները եւ գործնականութեան շարունակականութիւնը, ամբողջականութիւնը եւ որակը: Օգտագործողը կ՚ընդունի, որ կայքէջը կը գործածէ իր պատասխանատուութեամբ, եւ որ բացառապէս ինքն է պատասխանատուն իր համակարգին եւ կամ համակարգչային սարքաւորումներուն հասցուած որեւէ վնասի կամ նիւթերու, այն պարագային երբ կայքէջին միջոցով որեւէ բովանդակութիւն կամ տեղեկութիւն գործածէ եւ որուն հետեւանքով յառաջանայ որեւէ վնաս կամ կորուստ, ներառեալ տուեալներու կորուստը կամ վնասը: 

Օգտագործողը նաեւ կ՚ընդունի, որ եթէ ինք տեղեկութիւն տրամադրէ (Հիմնարկութեան առցանց տոմսարկղին հետ կապուած վճարային գործարքներու պարագային, օրինակ՝ նոյնականացում, կապի տուեալներ եւ դրամատան տուեալներ), Հիմնարկութիւնը ջանք չի խնայեր ապահովելու տեղեկատուական անվտանգութիւնը, սակայն ան պատասխանատու չէ երրորդ անձերու կողմէ տեղեկութեան գործածութեան (ներառեալ վճարային ծառայութիւններ եւ նիւթական գործարքներ տրամադրող կազմակերպութիւնները), ինչպէս նաեւ այն ժամանակ երբ տեղեկութիւնները գրանցուին բաց համացանցին մէջ։

 

My Gulbenkian հաշիւը

Օգտագործողները կրնան կայքէջ մտնել որպէս այցելուներ:

Օգտագործողները կրնան, օրինակի համար, տեսնել Հիմնարկութեան գործունէութեան վերաբերեալ ընդհանուր տեղեկութիւններ, կրնան ծանօթանալ օրակարգին եւ տեսնել ապրանքները որոնք ծախու են կայքէջին մէջ:

Օգտագործողները կրնան նաեւ անձնական հաշիւ ստեղծել («My Gulbenkian հաշիւը»)՝ կայքէջի որոշ ծառայութիւններէ օգտուելու համար. այս պարագային, անհրաժեշտ պիտի ըլլայ անձնական տուեալներ տրամադրել, որոնք պիտի գործածուին Գաղտնիութեան եւ Թխուկներու Քաղաքականութեան համաձայն:

Օգտագործողները պէտք է գաղտնի պահեն իրենց My Gulbenkian հաշիւի մուտքի տուեալները եւ պէտք չէ բացայայտեն երրորդ կողմերու կամ պէտք չէ նաւարկեն այնպիսի պայմաններով, որոնք թոյլ կու տան տուեալները վերծանել կամ պատճէնել երրորդ անձերու կողմէ: Եթէ​ Օգտագործողները մոռնան իրենց My Gulbenkian հաշիւի մուտքի տուեալները, անոնք պէտք է նոր գաղտնաբառ ստեղծելու խնդրանք ներկայացնեն կայքէջին միջոցով:

My Gulbenkian հաշիւը կրնայ չեղարկուիլ Հիմնարկութեան կողմէ, կայքէջի Գործածութեան կանոններու խախտումի պարագային (այսինքն՝ Գործածութեան պայմանները, եւ Գաղտնիութեան եւ Թխուկներու Քաղաքականութիւնը):

Հիմնարկութիւնը ել-նամակով կը տեղեկացնէ, որ ձեր հաշիւը չեղարկուած է, օգտագործելով My Gulbenkian հաշիւը ստեղծելու ժամանակ ձեր նշած ել-նամակի հասցէն: Հիմնարկութիւնը ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն պատասխանատու չէ ձեր My Gulbenkian հաշիւին չեղարկումին հետեւանքով յառաջացած վնասներուն:

Օգտագործողները որեւէ ժամանակ կրնան պահանջել որ իրենց My Gulbenkian հաշիւը չեղարկուի, հետեւեալ հասցէին նամակ ղրկելով՝ [email protected]:

 

Տոմսարկղ

Հիմնարկութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ առցանց տոմսեր գնելու Հիմնարկութեան կողմէ կազմակերպուող ձեռնարկներու, համերգներու, աշխատանոցներու, այցելութիւններու եւ կամ այլ նախաձեռնութիւններու եւ միջոցառումներու համար: Այս ծառայութիւնը հասանելի է՝ www.bilheteira.gulbenkian.pt/ կայքէջէն:

Առցանց տոմս գնելու համար պարտադիր չէ որ Օգտագործողները նախապէս գրանցուին կայքէջին մէջ, հակառակ որ գնում կարենալ ընելու համար անհրաժեշտ է վաւեր եւ գործող ել-նամակի հասցէ ունենալ։

Օգտագործողները պէտք է պատասխանատու ձեւով գործածեն Հիմնարկութեան առցանց տոմսարկղը, յատկապէս՝ միայն իրե՛նց վճարային տուեալները տրամադրելով, կամ տրամադրելով այլ տուեալներ սեփականատիրոջ բացայայտ համաձայնութեամբ եւ վստահ ըլլալով որ վերջինիս դրամատան եւ վճարման տուեալները ճիշտ են:

Առցանց տոմսարկղին միջոցով տոմսեր գնելու համար Օգտագործողները պէտք է հետեւին հետեւեալ քայլերուն՝

  • Գնումին հետ կապուած տուեալներու ընտրութիւն (խնդրոյ առարկայ նախաձեռնութեան, թուականի/ժամի եւ տոմսերու քանակի ընտրութիւն),
  • Պահանջուող անձնական եւ կապի տուեալներու տրամադրում, ինչպէս նաեւ նախահաշիւ ներկայացնելու համար անհրաժեշտ տուեալներու տրամադրում. աստղանիշով (*) նշուած տեղեկութիւններու բաժինը պարտադիր է եւ անհրաժեշտ գործարքը աւարտելու համար,
  • Հետեւելով վերոնշեալ առաջին եւ երկրորդ քայլերուն, Օգտագործողները պիտի առաջնորդուին դէպի REDUNICRE էջը, որ պատասխանատու մարմինն է վճարումի գործարքը իրականանցելու համար. այս պարագային, Օգտագործողները պէտք է REDUNICRE-ի ընթացակարգերուն եւ տուեալներ տրամադրելու պայմաններուն հետեւին,
  • Գնումը կը համարուի ամբողջացուած եւ վաւեր միայն այն պարագային, երբ Օգտագործողը [email protected] հասցէէն ել-նամակ ստանայ, որ պիտի ներառէ գնումին հետ կապուած համապատասխան տեղեկութիւն՝ գնումի տեղեկանքի թիւ, հաշուեցոյց եւ տոմս(եր) pdf ձեւաչափով (կցուած ել-նամակին):

Զեղչուած տոմսերու պարագային, մուտքին պէտք է ներկայացնել տուեալ զեղչին վերաբերող անհրաժեշտ փաստաթուղթերը:

Առցանց տոմսարկղը գործածելու ժամանակ անվտանգութեան միջոցներ կ՚իրականացուին զգայուն տեղեկութիւն փոխանցելու համար, օրինակ՝ վարկային քարտի տուեալները փոխանցելու ատեն, որոնք պաշտպանուած են ապահով վկայագիրերու գործածութեամբ:

Ապահով վկայագիրը կը գործածէ հանրային/մասնաւոր համակարգը. առաջինը կ՚օգտագործուի յաճախորդին կողմէ տեղեկութեան գաղտնագրումին համար, իսկ երկրորդը, որ միայն յայտնի է շտեմարանին, կ՚օգտագործուի զայն «գաղտնազերծելու» համար: Վկայագիրին տեղադրումը ինքնաբերաբար կը գործարկէ Secure Socket Layer-ը (SSL)՝ ստեղծելով հաղորդակցութեան ապահով ալիք շտեմարանին եւ յաճախորդին դիտարկիչներուն միջեւ:

Երբ վկայագիրը գործարկուի, SSL-ը կ՚ապահովէ հետեւեալ անվտանգ հաղորդակցութեան բաղադրիչները.

  • Նոյնականացում – Օգտագործողները կրնան ստուգել, վստահ ըլլալու որ կայքէջը չի պատկանիր երրորդ կողմի մը:
  • Գաղտնիութիւն – Օգտագործողներու դիտարկիչին եւ շտեմարանին միջեւ փոխանակուող տեղեկութիւնը կը գաղտնագրուի բանալիի գործածութեան միջոցով (մէկ բանալի կը տրուի իւրաքանչիւր գործածութեան նիստի համար): Շտեմարանը այս նիստի բանալին կը ղրկէ Օգտագործողին գաղտնագրուած հանրային բանալիով: Պաշտպանութեան այս քայլերը կ՚երաշխաւորեն, որ տեղեկութիւնը հասանելի չըլլայ եթէ գաղտնալսում ըլլայ չարտօնուած երրորդ անձանց կողմէ:
  • Ամբողջականութիւն – իւրաքանչիւր հաղորդագրութեան բովանդակութեան համաձայն կը ստեղծուի անվտանգութեան գաղտնագիր մը: Հաղորդագրութիւն ստացող սարքը կը ստանայ նաեւ անոր գաղտնագիր, որ կ՚օգտագործուի ստուգելու, թէ արդեօք անոր բովանդակութիւնը փոխուա՞ծ է, թէ՞ ոչ:

Եթէ հաղորդագրութեան մէկ նիշը փոխուած է, ապա կը ստեղծուի անվտանգութեան նոր գաղտնագիր:

Օգտագործողները կրնան պարզաբանել առցանց տոմսարկղին գործունէութեան պայմաններուն վերաբերեալ որեւէ անյստակութիւն կամ կրնան առաջարկութիւններ ընել կամ բողոք ներկայացնել գրելով՝ [email protected] ել-նամակի հասցէին կամ Հիմնարկութեան կեդրոնատեղիին հասցէին, դիմելով Central Services ծառայութեան։

 

Մտաւոր սեփականութեան իրաւունքները

Օգտագործողները կ՚ընդունին, որ կայքէջին կառուցուածքը եւ դասաւորութիւնը, անոր բովանդակութեան ընտրութիւնը, կազմակերպումը եւ ներկայացումը, ներառեալ գործառոյթները եւ գործածուող ծրագիրները, ինչպէս նաեւ կայքէջին մէջ ներկայացուած ապրանքանիշերը, տարբերանիշերը եւ խորհրդանիշերը, Հիմնարկութեան սեփականութիւնն են եւ կամ օրինաւոր կերպով կը գործածուին անոր կողմէ:

Օգտագործողները նաեւ կ՚ընդունին, որ այս կայքէջին բովանդակութիւնը (գրութիւններ, պատկերներ, գծագրութիւններ, նշաններ, ձայնային նիւթեր եւ շարժապատկերներ, եւ մնացեալ բոլոր այլ տեղեկութիւնները եւ տարրերը որ տեղ գտած են կայքէջին մէջ) պաշտպանուած են մտաւոր սեփականութեան իրաւունքներով, եւ անոնց գործածութիւնը կը սահմանափակուի օրէնքով թոյլատրուած պայմաններով եւ նիւթերուն աղբիւրները նշելով:

Հիմնարկութիւնը պատասխանատու է կայքէջին բոլոր տեղեկութեան, բովանդակութեան եւ նիւթերուն ձեւաւորումին եւ ներկայացումին, եւ կրնայ որեւէ ժամանակ թարմացնել, փոփոխել կամ ջնջել որեւէ բովանդակութիւն, կամ ծառայութիւններ, առկայ տարբերակներ, առանձնայատկութիւններ, կամ փոխել անոնց ներկայացումն ու կազմաձեւումը, եւ փոփոխել համապատասխան URL-ները:

Օգտագործողները կրնան այցելել կայքէջ եւ օգտագործել անոր մէջի բովանդակութիւնը եւ նիւթերը բացառապէս ոչ շահութաբեր նպատակներով եւ պայմանով որ աղբիւրը յստակօրէն նշուի (այս նպատակով պէտք է ներառուի նաեւ բնօրինակ արտօնագիրին յղումը). որեւէ փոփոխութիւն պէտք է յստակօրէն նշուի, պայմանով որ որեւէ կերպ չէ նշուած կամ ակնարկուած որ նիւթին հեղինակը հաստատած է եւ կամ կը խրախուսէ անոր գործածութիւնը: Ոչ մէկ կցուած նիւթ կարելի է տարածել: Օգտագործողները չեն կրնար յաւելեալ սահմանափակումներ դնել երրորդ կողմերուն համար նշուած երրորդ անձանց կողմէ նիւթերու գործածութեան պայմաններուն վերաբերեալ:

 

Անձնական տուեալներ

Այս կայքէջին օգտագործումը անպայման չ՚ենթադրեր անձնական տուեալներու տրամադրում: Այնուամենայնիւ, եթէ որեւէ բան պարզաբանելու պէտք ըլլայ, կարելի է բողոք ներկայացնել, նշումներ կամ առաջարկութիւններ ղրկել, կամ My Gulbenkian հաշիւ մը բանալ, իսկ եթէ համաձայնիք ծանուցողական նպատակներով տուեալներու գործածութեան (ներառեալ Հիմնարկութեան լրատուներուն բաժանորդագրուիլը), ապա անձնական տուեալներու տրամադրումը անհրաժեշտ պիտի ըլլայ: Այս տուեալները պիտի գործածուին այս կայքէջին մէջ հասանելի Գաղտնիութեան եւ Թխուկներու Քաղաքականութեան համաձայն:

 

Տեղեկութիւն

Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ ներկայացուած տեղեկութիւնը կը նպատակադրէ պարզաբանել եւ Օգտագործողներուն տեղեկացնել Հիմնարկութեան գործունէութեան մասին, ինչպէս նաեւ այն ապրանքներուն եւ ծառայութիւններուն մասին, որոնք հանրութեան առաջարկուած են կայքէջին մէջ:

 

Պատասխանատուութիւն եւ երաշխիքներ

Կայքէջը մշակուած է արտացոլելու Հիմնարկութեան բազմազան Օգտագործողներուն եւ Հիմնարկութեան նախաձեռնութիւններուն թիրախային լսարանին շահերը: Այնուամենայնիւ, չենք կրնար երաշխաւորել, որ կայքէջը կամ հոն հասանելի որեւէ գործառոյթ կը բաւարարէ յատուկ կարիքներ եւ ակնկալիքներ:

Հիմնարկութիւնը նաեւ չ՚երաշխաւորեր, որ

  • Կայքէջի գործածութեան հետեւանքով ձեռք բերուած արդիւնքները ճիշտ են, ճշմարիտ, յարմար կամ վստահելի.
  • Հիմնարկութիւնը որեւէ իրաւական պարտաւորութիւն չի ստանձներ որեւէ տեսակի տեղեկութեան կամ առաջարկութեան նկատմամբ, որ ներկայացուած է կամ հասանելի կայքէջին մէջ, կամ չ՚երաշխաւորեր որ որեւէ տեղեկութիւն որ ձեռք բերուած է կայքէջին գործածութեան միջոցով ընթացիկ, ճշգրիտ, ամբողջական կամ անսխալ է.
  • Կայքէջին միջոցով երրորդ անձերու կողմէ հասանելի որեւէ նիւթ կամ այլ բովանդակութիւն ապահով է, օրինական կամ պատշաճ.
  • Կայքէջին մէջ առկայ ապրանքներուն, ծառայութիւններուն, տեղեկութեան կամ այլ նիւթերուն կամ բովանդակութեան որակը, գործառոյթները կամ բնութագիրները կը համապատասխանեն Օգտագործողներուն ակնկալիքներուն:

Հիմնարկութիւնը պատասխանատուութիւն չի կրեր կայքէջին, յաւելուածներուն կամ այլ գործիքներուն մէջ համակարգի խախտումներու կամ անսարքութիւններու (ժամանակաւոր կամ մշտական) պատճառով յառաջացած սխալներուն համար: Հիմնարկութիւնը պատասխանատուութիւն չի կրեր կայքէջին չարաշահումին կամ գործածութեան անկարողութեան հետեւանքով յառաջացած վնասներուն համար:

 

Յղումներ երրորդ կողմի կայքէջերու

Հիմնարկութիւնը կրնայ յղել դէպի այլ կազմակերպութիւններու կայքէջերը. այս կայքէջերը չեն պատկանիր եւ չեն շահագործուիր կամ վերահսկուիր Հիմնարկութեան կողմէ: Հիմնարկութիւնը պատասխանատուութիւն չի կրեր, ոչ ալ կը հաստատէ կամ որեւէ կերպ կ՚աջակցի կամ կը բաժանորդագրուի այս կայքէջերուն բովանդակութեան կամ հոն նշուած երրորդ կողմի յղումներուն: Այս յղումներու տրամադրումը ոչ մէկ ձեւով կ՚ենթադրէ որեւէ յարաբերութիւն Հիմնարկութեան եւ յղուած կայքէջին տիրոջ կամ կառավարիչին միջեւ:

Վերոնշեալը նկատի առնելով, Հիմնարկութիւնը պատասխանատուութիւն չի կրեր յղումներու միջոցով հասանելի որեւէ բովանդակութեան իրաւական համապատասխանութեան, վստահելիութեան կամ որակին համար, ոչ ալ պատասխանատուութիւն կը կրէ նշուած բովանդակութեան հետ կապուած կիրառելի իրաւական կանոններու պահպանումին համար: Օգտագործողները իրենք են միակ պատասխանատուները այս յղումներուն գործածութեան:

 

Ապահովութիւն

Հիմնարկութիւնը չ՚երաշխաւորեր կայքէջին շարունակական աշխատանքը, ոչ ալ անոր անսխալ ըլլալը կամ միշտ հասանելի ըլլալը:

Հիմնարկութիւնը բնականաբար կը ջանայ երաշխաւորել, որ կայքէջը զերծ մնայ վնասակար տարրերէ, որոնք համակարգիչին կամ այլ սարքերու համար վտանգաւոր են: Այնուամենայնիւ, քանի որ Հիմնարկութիւնը չի կրնար ամբողջութեամբ վերահսկել տեղեկութեան շրջանառութիւնը համացանցին մէջ, հնարաւոր չէ բացառել վնասակար տարրերու հաւանական առկայութիւնը, որոնք կրնան վնասել ձեր համակարգիչը:

Կայքէջի անվտանգութիւնը ապահովելու համար Հիմնարկութիւնը կրնայ որեւէ ժամանակ եւ առանց նախապէս տեղեկացնելու ձեռնարկել անհրաժեշտ քայլեր՝ ապահովելու կայքէջին անվտանգութիւնը, շարունակականութիւնը կամ որակը, ինչպէս օրինակ՝ սահմանափակել կամ արգիլել մուտքի հնարաւորութիւնը:

 

Գործածութեան դրոյթներու վաւերականութիւն եւ գործածութեան պայմաններ

Եթէ սոյն Գործածութեան պայմաններէն որեւէ մաս կամ դրոյթ կիրարկումի ենթակայ չըլլայ կամ հակասէ գործող օրէնքին, մնացած մասերուն կամ դրոյթներուն վաւերականութիւնը չի խախտիր:

 

Հարցումներ

Եթէ հարցումներ ունենաք սոյն Գործածութեան պայմաններուն վերաբերեալ, կը խնդրենք ձեր հարցումը ղրկել հետեւեալ հասցէին՝ [email protected], կամ օգտագործել կայքէջին գլխաւոր էջին «Կապ» բաժինին մէջ նշուած տուեալները կամ նամակ ղրկել Հիմնարկութեան կեդրոնին:

 

Կիրառելի օրէնք

Կայքէջին Գործածութեան պայմանները ենթակայ են փորթուկալական օրէնսդրութեան:

 

Իրաւասու դատարան

Բոլոր խնդիրները եւ վէճերը, որոնք կրնան յառաջանալ սոյն Պայմաններու եւ դրոյթներու հետ կապուած, պէտք է ներկայացուին Լիզպոնի շրջանային դատարանին բացառիկ իրաւասութեան:

Վերջին թարմացում՝ 28 Հունիսի 2022

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։