Կրթանպաստներ
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը ուսանողներու կրթանպաստներ կը յատկացնէ 1957 թուականէն ի վեր. Բաժանմունքը տարեկան հարիւրաւոր կրթաթոշակներ կը յատկացնէ համալսարանականներու եւ հետազօտողներու, ներդրում ունենալով ապագայի մտաւորականներու, գիտնականներու եւ ղեկավարներու կայացումին։ Այս կրթանպաստներուն շնորհիւ տարիներու ընթացքին հազարաւոր ուսանողներ կրցած են եւ կը շարունակեն բարձրագոյն կրթութիւն ստանալ:
Ամեն տարի Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը 1.000.000 Եւրոյի համալսարանական զանազան կրթանպաստներ կը տրամադրէ ուսանողներու եւ հետազօտողներու:
Կրթանպաստ ստացողներու ամբողջական ցանկը եւ կրթանպաստներու զեկոյցները հասանելի են հետեւեալ յղումներով՝
2014-2018 հնգամեայ զեկոյց 2014-2018 հնգամեայ ցանկ 2019-ի զեկոյց 2019-ի ցանկ 2020-ի զեկոյց 2020-ի ցանկ 2021-ի զեկոյց 2021-ի ցանկ 2022-ի զեկոյց 2022-ի ցանկ 2023-ի զեկոյց 2023-ի ցանկ 2024-ի զեկոյց 2024-ի ցանկ 2025-ի զեկոյց 2025-ի ցանկ