Գաղտնիութեան եւ թխուկներու քաղաքականութիւն
Սոյն Գաղտնիութեան եւ Թխուկներու Քաղաքականութիւնը (այսուհետ՝ Քաղաքականութիւն) կը կարգաւորէ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան (այսուհետ՝ Հիմնարկութիւն) կողմէ հաւաքագրուած Օգտագործողներու (այսուհետ՝ Օգտագործողներ) անձնական տուեալներու գործածութիւնը Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կայքէջերուն (այսուհետ՝ կայքէջեր) գործածութեան պարունակին մէջ: Ան կ՚անդրադառնայ գաղտնիութեան եւ անձնական տուեալներու գործածութեան վերաբերող Հիմնարկութեան հաստատութենական պարտականութիւններուն։
Կայքէջերը այցելելու ժամանակ, անձնական տուեալներու տրամադրումը կ՚ենթադրէ սոյն Քաղաքականութեան պայմաններու իմացութիւն եւ բացայայտ ընդունում:
- Օգտագործողներու անձնական տուեալներու վերահսկիչ
Հիմնարկութիւնն է Օգտագործողներու անձնական տուեալներու գործածութեան վերահսկիչը, եւ կրնայ այդ տուեալները գործածել ուղղակիօրէն եւ կամ կազմակերպութիւններու միջոցով, որոնց հետ այդ իսկ նպատակով համաձայնութիւն ունի:
- Անձնական տուեալներու հաւաքագրում եւ գործածութիւն
Ընդհանուր առմամբ կայքէջեր այցելելը անձնական տուեալներու տրամադրում չ՚ենթադրեր: Որեւէ Օգտագործող կրնայ՝ (ա) ազատօրէն այցելել կայքէջերը եւ տեսնել առկայ բովանդակութիւնը, եւ նոյնիսկ կրնայ կայքէջէն տոմսեր գնել՝ առանց գրանցուելու (այս պարագային միային կը պահանջուի վճարում կարենալ ընելու համար անհրաժեշտ տուեալներ). եւ (բ) ազատօրէն բաժանորդագրուիլ Հիմնարկութեան լրատուներուն, որուն պարագային միայն ել-նամակի հասցէ պէտք է տրամադրել:
Այսուամենայնիւ, որոշ պարագաներու, կայքէջը գործածելու համար անհրաժեշտ է անձնական հաշիւ ստեղծել եւ կամ որոշ անձնական տուեալներ տրամադրել: Այս պարագաներուն է որ կարելի պիտի ըլլայ որոշ հնարաւորութիւններէ եւ ծառայութիւններէ օգտուիլ, բայց միայն անհրաժեշտ անձնական տուեալներ տրամադրելու պայմանով:
Հիմնարկութիւնը Օգտագործողներու անձնական տուեալները կը գործածէ հետեւեալ պայմաններով եւ նպատակներով.
2.1. Գրանցում կայքէջերուն մէջ
Կայքէջերուն մէջ անձնական հաշիւ բանալու պարագային, ներառեալ My Gulbenkian հաշիւ ստեղծելու ժամանակ, Հիմնարկութիւնը որոշ անձնական տուեալներ կը հաւաքէ, որոնք պիտի գործածուին ձեր անձնական հաշիւը ստեղծելու եւ կառավարելու նպատակով՝ հիմնուելով հաշիւի ստեղծումի ժամանակ առկայ պայմաններուն վրայ։
Այդ նպատակով ձեզմէ պիտի խնդրուի տրամադրել անձնական տուեալներ, բան մը որ պարտադիր է, թէ ոչ կարելի պիտի չըլլայ գրանցուիլ. այս պարագային պէտք է տրամադրել՝ անուն, ել-նամակի հասցէ եւ գաղտնագիր մը: Ձեր անձնական հաշիւը ամբողջացնելու նպատակով, Հիմնարկութիւնը կրնայ յաւելեալ տուեալներ ուզել, որոնք կրնան ըլլալ պարտադիր կամ ոչ, կախեալ բացուած անձնական հաշիւին տեսակէն, (օրինակ՝ ծնունդի թուական, սեռ, կապի յաւելեալ տուեալները, հպատակութիւն եւ հասցէ):
2.2. Կրթանպաստներու եւ նպաստներու դիմում, եւ յատկացուած նպաստներու եւ կրթանպաստներու հսկողութիւն
Կրթանպաստներու եւ նպաստներու դիմումները գնահատելու համար Հիմնարկութիւնը անպայմանօրէն պիտի գործածէ դիմումի պահուն Օգտագործողներէն պահանջուած անձնական տուեալները, որոնք պիտի գործածուին նաեւ յատկացուած կրթանպաստներու եւ նպաստներու հսկողութեան ընթացքին: Այս տուեալներու հաւաքագրումը անհրաժեշտ է, որպէսզի Հիմնարկութիւնը կարենայ գնահատել ձեր դիմումը եւ կրթանպաստ կամ նպաստ յատկացնել: Հիմնարկութիւնը այս տուեալները կը գործածէ պէտք եղած արժեւորումը ընելու եւ ըստ պահանջքի հետագային համաձայնագիր պատրաստելու համար։ Դիմում ներկայացնելու համար անհրաժեշտ է ստեղծել հաշիւ մը, ինչպէս նշուած է նախորդ կէտին մէջ:
2.3. Հիմնարկութենէն գնում կատարելու ժամանակ (տոմսարկղ եւ առցանց խանութ)
Հիմնարկութիւնը պիտի գործածէ այն անձնական տուեալները, որոնք անհրաժեշտ են կայքէջերէն գնում կատարելու եւ կամ որեւէ այլ հարակից գործարքներ կառավարելու համար. այս մէկը հիմնուած պիտի ըլլայ վաճառքի պայմանագիրին վրայ եւ Հիմնարկութեան վրայ կիրառելի իրաւական պարտականութիւնները հաշիւի առնելով: Այս անձնական տուեալները ընդհանրապէս կը վերաբերին ձեր անունին, ել-նամակի հասցէին, հեռաձայնի թիւին, հարկային թիւին, ինչպէս նաեւ գնումի գումարին, եւ վճարումի ձեւաչափին եւ անոր հարակից տուեալներուն, եւ տուեալ հաստատութեան եւ գնուած ապրանքներուն/ծառայութիւններուն ստուգումին:
2.4. Յաճախորդներու սպասարկում
Որպէսզի կարելի ըլլայ ձեր հարցումներուն պատասխանել, Հիմնարկութիւնը պիտի գործածէ ձեր անձնական տուեալները, յատկապէս՝ ստուգումի եւ կապի տուեալները, ինչպէս նաեւ այն տուեալները, որոնք դուք կը բաժնէք Հիմնարկութեան հետ ձեր հարցումին պարունակին մէջ։ Այս տուեալները պիտի գործածուին՝ հիմնուելով այն փաստին վրայ որ Հիմնարկութիւնը շահագրգիռ է պատասխանելու այն հարցումներուն, որոնք Օգտագործողները կը ներկայացնեն կայքէջերուն միջոցով:
2.5. Հիմնարկութեան մէջ եւ կամ Հիմնարկութեան կողմէ իրականացուող միջոցառումներու համար գրանցում եւ մասնակցութիւն
Հիմնարկութիւնը ձեր անձնական տուեալները նաեւ կը գործածէ դիմումներ արժեւորելու եւ Հիմնարկութեան մէջ կամ անոր կողմէ իրականացուող միջոցառումներու մասնակցելու նպատակով (օրինակ՝ գիտաժողովներ, կրթական ծրագիրներ եւ այլն), խօսքը յատկապէս ինքնութեան ստուգումի եւ կապի տուեալներուն կը վերաբերի։ Այս տուեալները պիտի գործածուին՝ միջոցառումին մասնակցելու համար գրանցումի պահուն առկայ պայմաններուն հիման վրայ, կամ ըստ պահանջքի, ձեր գրանցումը Հիմնարկութեան կողմէ հաստատուելու ժամանակ:
Հիմնարկութեան մէջ եւ կամ անոր կողմէ իրականացուող միջոցառումներուն ընթացքին, Հիմնարկութիւնը կրնայ ձեռք բերել մասնակիցներէն պատկերներ եւ ձայնագրութիւններ. այդ ձայնագրութիւնները կրնան պարունակել անձնական տուեալներ եւ հրապարակուիլ Հիմնարկութեան կողմէ, ցրւումի կամ հաղորդակցութեան որեւէ միջոցներով:
2.6. Հիմնարկութեան գործունէութեան ծանուցում
Ձեր համաձայնութեամբ, Հիմնարկութիւնը լրատու կրնայ ղրկել եւ կամ գործածել ձեր անձնական տուեալները ծանուցումի նպատակով՝ հաղորդակցութիւններու մէջ, միջոցառումներու մասին տեղեկացնելու եւ քարոզարշաւներու համար, ինչպէս նաեւ Հիմնարկութեան արտադրանքներուն վերաբերող եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն եւ նախասիրութիւններուն համապատասխանող ծանուցողական կտրօններ ղրկելու նպատակով. այս մէկը կրնայ ըլլալ առանց մարդկային գործօնի միջամտութեան, օրինակ՝ հեռաձայնի հաղորդագրութիւններ եւ զանգեր, ել-նամակներ:
Ձեր հաշիւը պիտի ստեղծուի Հիմնարկութեան կայքէջին, խանութներուն եւ տոմսարկղներուն մէջ ձեր նախասիրութիւններուն հիման վրայ, ինչպէս նաեւ այլ տուեալներու շտեմարաններու մէջ գրանցուած ձեր նախասիրութիւններուն հիման վրայ, որոնք հասանելի են Հիմնարկութեան, հետեւեալ նպատակներով՝ ծանուցում, հաստատութենական տեղեկատուութիւն ղրկելու եւ նոր ապրանքներ ու ծառայութիւններ ներկայացնելու համար:
Աւելին, Հիմնարկութիւնը իր հաստատութենական ցանցին հաղորդագրութիւններ կը ղրկէ, իր գործունէութեան մասին տեղեկացնելու համապատասխան մարմիններու եւ անձերու, ինչպէս նաեւ հրաւէրներ, հաստատութենական հաղորդակցութիւն եւ այլ համապատասխան նորութիւններ ղրկելու նպատակով: Այս պարունակին մէջ, Հիմնարկութիւնը կը գործածէ հետեւեալ անձնական տուեալները՝ անուն, ել-նամակի հասցէ, հեռաձայնի թիւ, աշխատանքի վայր եւ պաշտօն: Այս հաղորդագրութիւնները կը ղրկուին Հիմնարկութեան կողմէ հիմնուելով անոր շահագրգռուածութեան վրայ որ կապ պահպանէ եւ իր գործունէութեան մասին տեղեկացնելէ իր ցանցին:
2.7. Ինքնաբուխ դիմումներու արժեւորում
Հիմնարկութիւնը ձեր անձնական տուեալները նաեւ կը գործածէ կայքէջերուն մէջ առկայ դիմումնագիրին միջոցով ղրկուած ինքնաբուխ դիմումները արժեւորելու նպատակով: Այս անձնական տուեալները ընդհանրապէս կը վերաբերին անձին անունին, ել-նամակի հասցէին, հեռաձայնի թիւին, քաղաքացիի քարտի թիւին, ծննդեան թուականին, ակադեմական որակաւորումներուն եւ մասնագիտական աշխատանքին եւ անձին սեղմակենսագրականին մէջ առկայ տուեալներու, օրինակ՝ լուսանկար, եթէ կայ: Ձեր անձնական տուեալները պիտի գործածուին Հիմնարկութեան կողմէն աշխատանքի ընդունումի գործընթացները կառավարելու համար. վերջինս հիմնուած է ձեր դիմումը լաւ արժեւորելու Հիմնարկութեան յանձնառութեան եւ Հիմնարկութեան իրաւական պարտաւորութիւններուն վրայ:
2.8. Գործնականութեան ստուգումներ եւ որակի հսկողութիւն
Չհակասելով ներքոնշեալ 5-րդ կէտով ներկայացուած տեղեկութեան, որ կը վերաբերի Հիմնարկութեան կողմէ թխուկներու գործածութեան, եւ ըստ պահանջքի, Հիմնարկութիւնը կրնայ Օգտագործողին համաձայնութեամբ պարբերաբար հարցախոյզներ կատարել որպէսզի գնահատէ եւ վերահսկէ կայքէջին որակը, ինչպէս նաեւ ստուգէ կայքէջերէն օգտուողներուն գոհունակութեան աստիճանը։
- Անձնական տուեալներու փոխանցում
3.1. Վերոնշեալ նպատակներով, Հիմնարկութիւնը կրնայ ձեր տուեալները փոխանցել ենթակապալառուներու, անոնց հետ կնքուած պայմանագիրներու համաձայն, որոնք կը համապատասխանեն գործող օրէնսդրութեան:
3.2. Հիմնարկութեան կողմէ եւ վերոնշեալ ծառայութիւնները մատուցողներու կողմէ տուեալներու գործածութիւնը կրնայ ներառել անձնական տուեալներու փոխանցում դէպի երրորդ երկիրներ (որոնք մաս չեն կազմեր Եւրոպական տնտեսական տարածքին): Այս պարագաներուն, Հիմնարկութիւնը կ՚երաշխաւորէ անձնական տուեալներուն եւ անոնց պատճէններուն հասանելիութեան անվտանգութիւնը եւ պաշտպանութեան համապատասխան թեքնական եւ կազմակերպչական նախաձեռնութիւնները. տուեալներու տէրերը պիտի տեղեկացուին թէ ո՞ւր եւ ո՞ր կազմակերպութիւններուն փոխանցուած են իրենց տուեալները:
3.3. Օրինական պարտականութիւններ կատարելու համար, Հիմնարկութիւնը կրնայ նաեւ աւարտել կայքէջին միջոցով իրականացուող գործողութիւնները կամ այդ նպատակով ձեր տրամադրած համաձայնութեան հիման վրայ կրնայ ձեր տուեալները փոխանցել երրորդ կողմերու, անկախ անկէ թէ անոնք ըլլան (ա) Հիմնարկութեան ցանցին պատկանող այլ անձինք, (բ) գործընկերներ, հովանաւորներ կամ այլ կազմակերպութիւններ, որոնց հետ Հիմնարկութիւնը համադրելի յարաբերութիւններ կը հաստատէ, (գ) նիւթական/վճարային հաստատութիւններ, (դ) իրաւասու կազմակերպութիւններ՝ օրէնքով սահմանուած կարգով։
3.4. Հիմնարկութեան մէջ եւ կամ անոր կողմէ իրականացուող միջոցառումներու ժամանակ, եւ կրթանպաստներ յատկացնելու ժամանակ հաւաքուած անձնական տուեալներէն մաս մը կրնայ պահուիլ՝ Հիմնարկութեան մշակութային, մտաւոր եւ գեղարուեստական ձեռքբերումները կառավարելու համար:
- Անձնական տուեալներու պահպանում
4.1. Ձեր My Gulbenkian հաշիւը գրանցելու եւ կառավարելու համար անհրաժեշտ անձնական տուեալները կը պահուին այնքան ժամանակ, որքան որ դուք ուզէք որ անոնք պահուին:
4.2. Կայքէջերուն միջոցով հաւաքուած այլ անձնական տուեալներ կը պահուին այնքան ժամանակ, որքան որ անհրաժեշտ է անոնք հաւաքելու նպատակին հասնելու համար, բան մը որ տեղի կ՚ունենայ սոյն Քաղաքականութեան պայմաններուն համաձայն:
4.3. Ինքնաբուխ դիմումները արժեւորելու նպատակով գործածուած անձնական տուեալները կը պահուին դիմումը ներկայացնելէն ետք մէկ տարի ժամկէտով:
4.4. Երբ տուեալները գործածուին ձեր համաձայնութեամբ, անոնք կը պահուին նոյն նպատակով, մինչեւ անոնց ջնջումի խնդրանք ստանալը։
- Թխուկներ
5.1. Որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի լաւ ծառայութիւն մատուցել Օգտագործողներուն եւ գոհացնել անոնց ակնկալիքները, Հիմնարկութիւնը կ՚օգտագործէ իր եւ երրորդ կողմի թխուկներ՝ տեղեկատուութիւն հաւաքելու եւ պահելու համար:
5.2. Թխուկը գրաւոր նիւթերու պանակ մըն է որ ինքնաբերաբար կը պահուի Օգտագործողներուն համացանցային դիտարկիչներուն մէջ, երբ անոնք որոշ կայքէջեր այցելեն: Թխուկը կ՚արտօնէ որ Հիմնարկութիւնը եւ երրորդ կողմերը դիտարկիչը ճանչնան շտեմարանին մէջ՝ տեղեկութիւն պահելու, Օգտագործողներուն փորձառութիւնը բարելաւելու, եւ կայքէջին կատարողականութիւնը վերլուծելու եւ վերանայելու համար:
5.3. Թխուկները կրնան դասակարգուիլ որպէս ժամանակաւոր կամ մշտական: Ժամանակաւոր թխուկները ինքնաբերաբար կը սպառին երբ դիտարկիչը գոցէք: Մշտական թխուկները կը մնան ձեր դիտարկիչին մէջ մինչեւ անոնց ժամկէտի աւարտը կամ մինչեւ անոնք ջնջուին: Թխուկներուն ժամկէտները կը տարբերին նայած թխուկը, կան թխուկներ որոնց ժամկէտը կ՚աւարտի քանի մը վայրկեանէն, իսկ կան ուրիշներ որոնց ժամկէտը կ՚անցնի միայն քանի մը տարի յետոյ:
5.4. Կայքէջին մէջ Հիմնարկութիւնը կը գործածէ հետեւեալ թխուկները։
5.5. Թխուկները եւ անմիջական հաւաքագրումի այլ գործիքները չեն հաւաքեր ձեր անձնական տուեալները, բացի եթէ դուք կամաւոր տրամադրէք այս տեսակի տեղեկութիւն՝ գրանցուելով կայքէջին մէջ կամ հաղորդակցութիւն ղրկելով. այս գործիքները կրնան գործածուիլ ձեր կողմէ կայքէջը գործածելու վերաբերեալ յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար:
5.6. Իւրաքանչիւր Օգտագործողի կը համապատասխանէ անհատական թխուկ մը, այդպիսով կ՚ապահովուի տուեալներու գաղտնիութիւնը եւ անվտանգութիւնը: Վիճակագրական տուեալներու ներկայացումը կը կատարուի խառը եւ ոչ առանձին-առանձին, որու շնորհիւ Օգտագործողը չի ճանչցուիր: Այսպիսով կարելի է գնահատել կայքէջին աշխատանքը, նկատի ունենալով մշտական թարմացումներն ու բարելաւումները՝ բաւարարելու համար Օգտագործողներուն կարիքները:
5.7. Ձեր թխուկները կարգաւորելու համար, պէտք է այցելել «Cookie Settings» բաժինը, որ կը գտնուի Հիմնարկութեան կայքէջին գլխաւոր էջին վարի մասը: Աւելին, դիտարկիչներն ալ Օգտագործողներուն թոյլ կու տան կառավարել իրենց թխուկները: Օգտագործողները կրնան կարգաւորել իրենց սարքերը, այնպէս մը որ ընդունին բոլոր թխուկները, գիտնան թէ ե՞րբ թխուկ մը ընդունուած է, կամ որ երբեք թխուկներ չստանան: Դուք որեւէ ժամանակ կրնաք անջատել թխուկներու գործառոյթը դիտարկիչին միջոցով, որ սովորաբար «Preferences» կամ «Tools» բաժիններուն մէջ կ՚ըլլայ: Ձեր դիտարկիչին վերաբերեալ յաւելեալ մանրամասներու համար տե՛ս դիտարկիչին «Help» բաժինը:
5.8. Նկատի ունեցէք, որ թխուկները ամբողջութեամբ անջատելով՝ կայքէջերու որոշ կամ բոլոր գործիքները կրնան դադրիլ հասանելի ըլլալէ:
- Ապահովութիւն
6.1. Հիմնարկութեան հետ համացանցի միջոցով փոխանակուող բոլոր տեղեկատուութեան ժամանակ, Հիմնարկութիւնը կ՚երաշխաւորէ Օգտագործողներու տուեալներուն փոխանցումին գաղտնիութիւնը եւ անվտանգութիւնը՝ գործածելով SSL (Secure Sockets Layer) ծածկագրումը:
6.2. Աւելին, այս նպատակով Հիմնարկութիւնը ունի եւ ի գործ կը դնէ հասանելի բոլոր թեքնական միջոցները՝ կանխելու տրամադրուած կամ փոխանցուած անձնական տուեալներու կորուստը, չարաշահումը, փոփոխութիւնը, չարտօնուած մուտքը եւ ոչ պատշաճ իւրացումը: Ամեն պարագայի, նկատի առնելու է, որ տուեալներու շրջանառութիւնը բաց համացանցին մէջ, թոյլ չի տար ամբողջութեամբ արգելել չարտօնուած մուտքի եւ օգտագործման վտանգը, ուստի Օգտագործողները պէտք է համապատասխան անվտանգութեան միջոցներու ձեռնարկեն երբ կայքէջեր այցելեն:
6.3. Երբ վճարումներ կատարուին կայքէջին համակարգին միջոցով, ղրկուած տեղեկութիւնը պիտի գաղտնագրուի, եւ պիտի կիրառուին անվտանգութեան լրացուցիչ միջոցներ, որոնք կը համապատասխանեն ժամանակակից եւ լաւ շուկայական փորձի:
- Օգտագործողներու իրաւունքները
7.1. Կիրարկուող օրէնսդրութեան պայմաններուն համաձայն՝ Օգտագործողը կրնայ որեւէ պահու խնդրել որ տեսնէ իրեն վերաբերող անձնական տուեալները, ինչպէս նաեւ կրնայ փոխել, ջնջել կամ սահմանափակել տուեալներու գործածութիւնը, փոխանցումը կամ գործածութիւնը (յատուկ պարագաներու եւ երբ անհրաժեշտ է, կարելի է նաեւ պարզաբանում պահանջել գործածուած չափանիշերու վերաբերեալ, կամ արգիլել նախապատուութիւններու հիման վրայ անձնական նկարագրութեան ստեղծումը):
7.2. Օգտագործողը կրնայ նաեւ հաստատում ստանալ, որ զինք վերաբերող անձնական տուեալները ենթակայ են գործածութեան: Անհրաժեշտութեան պարագային, գործածուած տուեալներու պատճէնները կրնան հասանելի դառնալ Օգտագործողին:
7.3. Օրէնքի համաձայն՝ Օգտագործողը նաեւ իրաւունք ունի որեւէ պահու հրաժարիլ իր տուեալներուն գործածութեան վերաբերեալ համաձայնութենէն՝ հաշիւի առնելով, որ մինչ այդ գործածուած տեղեկութիւնները, նախապէս տրուած համաձայնութեան հիման վրայ, կը մնան վաւեր։
7.4. Կիրարկուող օրէնսդրութեան պայմաններուն համաձայն՝ Օգտագործողը կրնայ սահմանափակել տուեալներու գործածութիւնը եւ փոխանցումը։
7.5. Օգտագործողներու վերոնշեալ իրաւունքները կրնան կիրարկուիլ՝ օգտագործելով 9-րդ կէտով նշուած կապի տուեալները:
- Բողոքարկում
Չհակասելով որեւէ այլ վարչական կամ դատական պաշտպանութեան միջոցներու, Օգտագործողը իրաւունք ունի բողոք ներկայացնելու Տուեալներու Պաշտպանութեան Ազգային Յանձնաժողովին կամ օրէնքով սահմանուած այլ իրաւասու վերահսկիչ մարմինի, եթէ ան կը հաւատայ որ Հիմնարկութեան կողմէ իր տուեալներու գործածութեան խախտում կայ իրաւական գետնի վրայ:
- Հարցումներ
Եթէ ձեր անձնական տուեալներու գործածութեան վերաբերեալ եւ գործող օրէնսդրութեան եւ մասնաւորապէս, սոյն Քաղաքականութեան մէջ նշուած իրաւունքներու կիրարկումին վերաբերող որեւէ հարցում ունենաք, կրնաք կապ հաստատել Հիմնարկութեան հետ.
Հեռաձայնի թիւ՝ +351217823000
Ել-նամակի հասցէ՝ [email protected]
Հասցէ՝ Av. de Berna, 45 A, 1067 – 001, Lisboa
- Անձնական տուեալներու գործածութեան պայմաններու փոփոխութիւններ
Հիմնարկութիւնը որեւէ ժամանակ կրնայ փոխել այս Քաղաքականութիւնը: Այս փոփոխութիւնները պատշաճ կերպով պիտի հրապարակուին կայքէջին մէջ: