Արտակարգ կրթանպաստ Լիբանանի հայ ուսանողներուն

14 ապրիլ 2023

2019 թուականէն ի վեր, Լիբանանի տնտեսական ճգնաժամէն անմասն չեն մնացած հայկական գաղութին համալսարանական ուսանողները եւ անոնց ընտանիքները: Նիւթական այս ծանր բեռը ամոքելու նպատակով՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժանմունքը 2500 եւրոյի արժողութեամբ մինչեւ 40 արտակարգ կրթանպաստ կը յատկացնէ  նիւթական դժուարութիւններու մէջ յայտնուած հայ ուսանողներու, որպէսզի անոնք կարենան շարունակել կամ աւարտել իրենց ուսումը 2022-2023 ուսումնական տարուան համար: Այս կրթանպաստը ՄԻԱՅՆ ՄԷԿ ԱՆԳԱՄՈՒԱՆ համար է եւ ուղղուած է Լիբանանի մէջ արդէն իսկ համալսարան արձանագրուած ուսանողներուն:

Լիբանանի այն հայ ուսանողները, որոնք կը փափաքին դիմել 2023-2024 տարեշրջանին համար նախատեսուած «Զարգացող կամ տնտեսական ճգնաժամի մէջ գտնուող երկիրներէ հայ ուսանողներու համար նախատեսուած կրթանպաստի ծրագիր»-ին, պարտին կրթանպաստի այս երկու անջատ ծրագիրները մանրամասն ուսումնասիրել եւ ըստ այդ՝ դիմելու համապատասխան ընտրութիւն կատարել:

2022-2023-ի «Զարգացող կամ տնտեսական ճգնաժամի մէջ գտնուող երկիրներէ հայ ուսանողներու համար նախատեսուած կրթանպաստի ծրագիր»-էն արդէն իսկ օգտուող ուսանողները չեն կրնար դիմել Արտակարգ Կրթանպաստին, սակայն կարելի է միեւնոյն ժամանակ դիմել ե՛ւ 2022-2023 տարեշրջանին համար նախատեսուած Արտակարգ Կրթանպաստին, ե՛ւ 2023-2024 տարեշրջանին համար նախատեսուած «Զարգացող կամ տնտեսական ճգնաժամի մէջ գտնուող երկիրներէ հայ ուսանողներու համար նախատեսուած կրթանպաստի ծրագիր»-ին:

Դիմէ՛:

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։