արդ եւս 2022 – 2023

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՆՊԱՍՏ
20 հոկտեմբեր 2022

Արեւմտահայ մշակոյթն ու լեզուն՝ յառաջադէմ, ստեղծագործ, ինքնատիպ եւ նորարարութեան կիզակէտին։

 

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը կը մեկնարկէ արդ եւս արեւմտահայերէնով մշակութային ստեղծագործութեան նուիրուած նպաստի ծրագիրին երկրորդ շրջանը։ Այս առաջատար ծրագիրին միջոցով Բաժանմունքը պիտի շարունակէ աջակցիլ հայերէնով ժամանակակից մշակոյթ եւ մտածողութիւն ստեղծող նախաձեռնութիւններուն: արդ եւս-ի նպատակն է ոգեշնչել, նպաստել եւ աջակցիլ մշակութային եւ ստեղծագործական ոլորտներու նորարարութեան եւ ժամանակակցութեան՝  ապահովելու արեւմտահայ լեզուին ու մշակոյթին կենսունակութիւնը, որ սերտօրէն կապուած է նաեւ եկող սերունդներու կենսունակութեան:

Որպէս ընկերային վերափոխումի գործիք, մշակոյթը կ՚առնէ կեդրոնական դիրք մը։ Այս առումով, արդ եւս կ՚աջակցի նաեւ մշակութային մեր իրականութեան մէջ իսկական փոփոխութիւն բերող ազդու գործիչներու։ արդ եւս կը ձգտի ներշնչելու մարդիկ եւ համայնքներ, որպէսզի անոնք փորձընկալեն, վերաիմաստաւորեն եւ տարածեն մշակոյթ մը՝ թարմ գաղափարներու մշակումով եւ կիրարկումով.  գաղափարներ որոնք կը մղեն պատկերացնելու արեւմտահայերէնի եւ արեւմտահայ մշակոյթի կենսունակ ապագան, եւ ապահովելու անոր տեղը ընդհանրապէս ժամանակակից մշակոյթին մէջ: Ծրագիրին նպատակն է աջակցիլ գեղարուեստական նախաձեռնութիւններու, որոնք կը «խախտեն» ներկայի լճացած իրականութիւնները եւ վերատեսութեան կ՚ենթարկեն զանոնք, խթանելով այլընտրանքային կենսունակ ապագայի մը գոյացումը:

Մշակութային եւ ստեղծագործական կալուածները նորարարական եզակի կարողականութիւն եւ փոխակերպող ուժ կը պարունակեն, եւ կը նպաստեն ընկերային բարեփոխումներու: Ընկերային ազդեցիկ գաղափարները միշտ ներկայ են ապագայահայեաց մշակութային ստեղծագործութիւններու մէջ, իսկ ընկերային ներգրաւուածութիւնը լեզուի՛ միջոցով կրնայ մարմնաւորուիլ բազմաթիւ գիտակարգերու ընդմէջէն. հետեւաբար, արդ եւս կ՚ընդունի մշակութային ծանօթ բոլոր ձեւաչափերով նախագիծերու դիմումներ, ուր արեւմտահայերէնն է արարումի եւ ստեղծագործութեան հիմնական միջոցը:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել նպաստի էջը եւ կարդալ դիմումներու յայտ փաստաթուղթը:

Դիմել

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։