Զարմանազան 2022` Վերստին լեզուն ապրիլ միասնաբար

14 սեպտեմբեր 2022

«Երբեք չէի կրնար երեւակայել, որ Զարմանազանը այսքան պիտի կապէր զիս լեզուիս եւ մշակոյթիս։ Որպէս հայ՝ յաճախ զգացած եմ որ մեր մշակոյթը կը սկսի ու կը վերջանայ ողջ մնալու պարտադրանքով եւ հնաւուրց սնտուկէ մը հին գիրքեր եւ աւանդութիւններ քաղելով։ Զարմանազանը հիմնովին փոխեց այդ ունեցած տպաւորութիւնս։ Անդրադարձայ որ հնարաւորութիւնը կար հայերէն լեզուով գոյութիւն ունենալու եւ լեզուն ապրելու»։

(Անիա Հաճճար, 17 տարեկան ամերիկահայ պատանին, Զարմանազանի իր փորձառութեան մասին)

Երկու տարի շարունակ առցանց տեղի ունենալէ ետք, Զարմանազան լեզուական ամառնային ծրագիրին մասնակիցները վերջապէս կրցան քով քովի գալ։ 20 ուղեկիցներ, 65 երեխաներ ու երիտասարդներ եւ 9 կազմակերպիչներ ամբողջ ամիս մը Ֆրանսայի Ալպեան լեռներուն մէջ հաւաքուեցան, զուիցերիական սահմանին մօտիկ գիւղաքաղաք մը, իրենց լեզուական ունակութիւնները միասնաբար զարգացնելու նպատակով։

Զարմանազանի աշխատանոցները փորձառու ուղեկիցներու կողմէ ծրագրուած էին, ամէն մէկը՝ տարիքային տարբերութիւններու նկատառումով։ Այդ աշխատանոցները (որոնց կարգին՝ գծագրութիւն, կաւագործութիւն, երաժշտութիւն, ստեղծարար գրութիւն, թատրոն, պար, եոկա, գրականութիւն, փիլիսոփայութիւն, հաղորդակցական միջոցներ) եւ զանազան նիւթերու շուրջ այլ խմբային աշխատութիւններ միշտ արեւմտահայերէն տեղի կ՚ունենային։

Անիա Հաճճար, որ պատանի մասնակիցներէն մէկն էր, իր ամենէն սիրած երկու աշխատանոցները («Վանկ առ վանկ» եւ «Զարխիւ») հետեւեալ ձեւով նկարագրած է. «Սովորաբար անշուշտ անգլերէն կը գրեմ ու ա՛յդ կը նկատեմ իմ բնական ընթացքս, բայց հայերէն գրելը տարբեր ձայնով մը արտայայտուելու առիթը ընծայեց ինծի։ Հայերէնին շնորհիւ բնութեան հետ աւելի սերտ կապ մը կրցայ հաստատել եւ աւելի պատկերային ձեւով կրցայ մտածել։ Լեզու փոխելը կարծես աւելի ազատութիւն տուաւ ինծի։ «Զարխիւ» աշխատանոցին նպատակն էր մասնակիցներու փորձառութիւններուն մասին հարցազրոյցներ կատարել եւ հարցազրոյցները քով քովի բերելով՝ տեսերիզներու արխիւ մը ստեղծել։ Ճամբարի բոլոր մասնակիցները, ներառեալ խոհանոցի աշխատակիցները հարցազրոյցներուն մասնակցեցան։ Զարմանազանէն ներս մասնակիցներու անձնական ապրումները արձանագրելու եւ անոնց ձեռքբերումները ներկայացնելու միտումով՝ կարգ մը հարցումներ պատրաստած էինք։ Սքանչելի էր տեսնելը, որ իւրաքանչիւր անձ արժեւորուեցաւ այս ձեւով։ Ամէն մէկ մասնակից իր անձնական պատմութենէն մաս մը մեզի հետ բաժնեց, ինչ որ մեծ գոհունակութիւն պատճառեց ինծի»։ Անիային եզրափակող խօսքերն էին. «Զարմանազանը մեր մայրենի լեզուով ապրելու առիթը տուաւ ինծի, ինչ որ ապշեցուցիչ յայտնաբերում մըն էր։ Լեզուի մը դուռը բանալով, կարծես կրցայ ի՛մ մէջս դուռ մը բանալ»։

 

 

Լեզուական ծրագիրին զուգահեռ, Զարմանազանը նաեւ կը հիւրընկալէ Ինալքոյի (Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու Ազգային Հիմնարկի) հետ համագործակցութեամբ կազմակերպուած «Արեւմտահայերէնի ուսուցումը Սփիւռքի մէջ» դասընթացքներու ծրագիրը։ Այս տարի տասներկու ուսանող-ուսուցչուհիներ մասնակցեցան այդ ծրագիրին։ Մանկավարժական նորարար մօտեցումներ ձեռք բերելու եւ Զարմազանին մէջ կիրարկուող լեզուի իւրացման մեթոտաբանութիւնը անձամբ դիտարկելու առիթը ունեցան։ Սոյն ծրագիրը ամբողջ տարին կը շարունակուի։

Նոր Յառաջ թերթին մէջ թէ՛ ֆրանսերէնով, թէ՛ հայերէնով հրատարակուած են երկու յօդուածներ, որոնք Զարմանազանը կը ներկայացնեն եւ անոր եզակի բնոյթին մասին գաղափար մը կու տան։ Յօդուածներէն մէկը գրուած է Անի Բրդոյեան-Ղազարեանին կողմէ, որ Ինալքոյի ծրագիրը ամբողջացնողներէն մէկն էր։ Յօդուածները տրամադրելի են երկու լեզուներով (27 Օգոստոս 2022, ֆրանսերէն՝ թիւ 318, հայերէն՝ թիւ 1771)։

ՀԱՅԵՐԷՆ ՖՐԱՆՍԵՐԷՆ

 

Զարմանազան մանկավարժական ծրագիրը ստեղծուած է 2017-ին Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին կողմէ, որպէս արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ծրագիրին մէկ բաժինը։ Կազմակերպուած է Լիոնի «Հազար ու մէկ աշխարհ» ընկերակցութեան եւ Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու Ազգային Հիմնարկին հետ համագործակցութեամբ։

Զարմանազան ծրագիրը վաւերացուած է Ֆրանսայի Երիտասարդութեան եւ Մարզանքի Նախարարութեան կողմէ։

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։