ՔարՏես յաւելուած

Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու պատմամշակութային ժառանգութիւնը
29 յուլիս 2022

«ՔարՏես»-ը հեռաձայնի յաւելուած մըն է, որ մշակուած է որպէս անհատական զբօսաշրջային ուղեցոյց՝ յայտնաբերելու Պոլսոյ եւ Անգարայի բազմամշակութային ժառանգութիւնը:

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան եւ Նորուէկիոյ դեսպանատան հովանաւորութեամբ թողարկուած այս յաւելուածը երկլեզու է՝ անգլերէն եւ թրքերէն, եւ պատրաստուած է Հրանդ Տինք Հիմնարկին կողմէ։ Վերջերս թարմացուած յաւելուածը կը գործածուի թէ՛ տեղացիներու, թէ՛ զբօսաշրջիկներու կողմէ, ան թոյլ կու տայ յայտնաբերելու եւ գնահատելու հայկական, հրէական եւ այլ փոքրամասնութիւններու մշակոյթն ու ճարտարապետութիւնը այս քաղաքներուն մէջ։

Այցեվարները արուեստագէտներ են, բայց յաւելուածին շնորհիւ կարելի է նաեւ լսել այս թաղամասերուն մէջ ապրող մարդոց կողմէ պատմուած դրուագներ։

Առ այժմ յաւելուածը ներբեռնուած է 27,000 անգամ. իր հարուստ բովանդակութեամբ եւ գրաւիչ զանազանութեամբ, ան կը ներառէ աւելի քան հազար բազմամշակութային կառոյցներու տեղանքներ՝ եկեղեցիներ, սինակոկներ եւ այլ նշանաւոր շէնքեր։ Յաւելուածը ունի նաեւ քսանեօթ յատուկ շրջապտոյտներ, ներառեալ՝ «Պոլսոյ բազմամշակոյթ կանանց պատմութիւններ» շրջագայութիւնը։

Մինչ օրս յիսուն յօդուածներ, հարցազրոյցներ եւ հեռատեսիլի հաղորդումներ խօսած են «ՔարՏես»-ի մասին. իսկ ընկերային ցանցերու վրայ կայ աւելի քան կէս միլիոն հետաքրքրութիւն։  

Յաւելուածը կարելի է նաեւ հեռակայ գործածել. համաճարակի օրերուն, «ՔարՏես»-ի գործածութիւնը զգալիօրէն աւելցաւ, քանի ան առիթը տուաւ մարդոց նոր տեղանքներ առցանց յայտնաբերելու։

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը կը շարունակէ իր օժանդակութիւնը Հրանդ Տինք Հիմնարկին, որպէսզի յաւելուածին բովանդակութիւնը հարստանայ ու անոր գործածութիւնը տարածուի ներառելով այլ քաղաքներ։

Յաւելուածը կարելի է անվճար ներբեռնել Appstore-էն եւ Play Store-էն:

App Store Google Play

 

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։