Ձեր կարծիքը կարեւոր է

Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզ 2022 (ԱՄՆ եւ Գանատա)
27 մայիս 2022

Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզը (ՀՍՀ) գիտահետազօտական աշխատանք մըն է որ կ՚ուսումնասիրէ աշխարհի տարբեր երկիրներու հայկական համայնքներուն հանրային կարծիքը: ՀՍՀ-ի նպատակն է ներկայացնել այն հարցերը, դիրքորոշումներն ու հակումները որոնք կը բնորոշեն 21-րդ դարու սփիւռքահայ աշխարհը: Հետազօտութիւնը այս տարի կը կայանայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մէջ (Օնթարիօ)։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Օնթարիոյի մէջ ապրող 18 տարեկանը բոլորած բոլոր հայերը կրնան մասնակցիլ հարցախոյզին՝ բաժնելու ինքնութեան, մշակոյթի եւ համայնքին վերաբերեալ իրենց կարծիքները։ Հարցախոյզը պիտի տեւէ մինչեւ 29 Յուլիս 2022. մասնակիցներուն ինքնութիւնը կը մնայ գաղտնի։

2022-ի հարցաթերթիկը կարելի է լրացնել հոս.

Հարցաթերթիկ

 

Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզին աշխատակազմը բաղկացած է մասնագէտներէ, ակադեմականներէ եւ հետազօտողներէ. անոր հիմնական նպատակն է ներկայացնել Սփիւռքի ժամանակակից պատկերը, աւելի լաւ հասկնալու անոր բազմաբնոյթ էութիւնը։ 2022-ի պատասխանները պիտի հրապարակուին հարցախոյզին ամփոփումէն քանի մը ամիս անց։

2018-ին հարցախոյզը կատարուեցաւ Պոստոնի, Գահիրէի, Մարսէյի եւ Փասատինայի մէջ։ Իսկ 2019-ին հարցախոյզը տեղի ունեցաւ Արժանթինի, Լիբանանի, Մոնթրէալի եւ Ռումանիոյ մէջ: Այս երկու հարցախոյզերուն արդիւնքները հրատարակուած են ՀԱՀ-ի կայքէջին վրայ։

ՀՍՀ-ն կ՚իրականացուի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին նիւթական աջակցութեամբ եւ կը գործէ Լոնտոնի Հայկական Հիմնարկի հովանաւորութեամբ:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել այս էջը։

տեղեկութիւններ

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։