125.000 եւրոյի յատկացում Լիբանանի հայկական վարժարաններուն

16 դեկտեմբեր 2021

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը 125.000 եւրօ յատկացուցած է Լիբանանի 16 հայկական վարժարաններուն։ Այս քայլը կը յաջորդէ 2021-ի սկզբին դպրոցներուն կատարուած 650 գրասալիկներու (tablets) եւ 50 համակարգիչներու նուիրատուութեան:

Իր հիմնադրութենէն ի վեր, Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը միշտ յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է Միջին Արեւելքի հայկական վարժարաններուն։ Վերջին տարիներուն, Բաժանմունքը Լիբանանի համար համապարփակ ռազմավարութիւն մը մշակած է՝ իւրայատուկ տեղ տրամադրելով հայ համայնքէն ներս գործող վարժարաններուն:

Այսօր Լիբանանը կը դիմագրաւէ իր պատմութեան ամենածանր տնտեսական ճգնաժամերէն մէկը։ Ի պատասխան՝ Բաժանմունքը ժամանակաւորապէս սառեցուցած է 2020 թուականին մեկնարկած դպրոցական նպաստներու իր ծրագիրը: Երեք դպրոցներու համապարփակ կրթական ծրագիրներու մշակումին աջակցելու փոխարէն, Բաժանմունքը այժմ կ’աջակցի բոլոր դպրոցներուն՝ անոնց անյետաձգելի կարիքները հոգալու նպատակով:

Տրամադրուող այս օժանդակութիւնը մասնիկ մըն է Լիբանանի մէջ Բաժանմունքին այլ նախաձեռնութիւններուն՝ կրթաթոշակներ, յատուկ կրթութեան ուղղուած ծրագիրներ, ուսուցիչներու վերաորակաւորում, հրատարակութիւններ եւ երիտասարդներու մշակութային ծրագիրներու աջակցութիւն:

 

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։