Երդիք՝ արեւմտահայերէն նոր մանկապատանեկան առցանց յայտագիր

30 սեպտեմբեր 2021

Արեւմտահայերէնով նոր, բարձրորակ ստեղծարար յայտագիր մը ճամբայ ելաւ երեխաներու համար։ Զուարթ, սրամիտ եւ մանկավարժական մօտեցումով յղացուած այս առցանց տեսերիզները կարելի է գտնել «Երդիք»ի կայքէջին վրայ (www.yertik.com) կամ ԵուԹիւպով (երդիք — YouTube)։

Երգերու, պատմութիւններու եւ խաղերու ընդմէջէն, խամաճիկներու, հանելուկներու եւ կարճ թատերախաղիկներու միջոցաւ, «Երդիք»ը զուարճալի եւ հանգիստ միջավայր մը կը ստեղծէ, ուր մինչեւ 12 տարեկան երեխաներ եւ պատանիներ կրնան զուարճանալ ու միեւնոյն ժամանակ՝ իրենց հաղորդակցական ունակութիւնները զարգացնել։ Նոր բառապաշար կ՚ամբարեն, արեւմտահայերէն կը սորվին կամ իրենց ունեցած գիտութիւնը կը բարելաւեն, եւ ամենէն կարեւորը՝ Սփիւռքի մէջ իրենց առօրեայ կեանքին մաս կազմող լեզուով նոր ու հետաքրքրական աշխարհ մը կը բացայայտեն։

«Երդիք»ը շաբաթական երկու տեսերիզներ կ’արտադրէ։ «Ակուլ Տուկուլ»ը երկուքէն վեց տարեկաններու համար է։ Նոյնիսկ հայախօս չեղող երեխաները կրնան դիտել եւ հետեւիլ յայտագրին։ Յատուկ կերպարներու պիտի ծանօթանան հոն, առիթ տալով որ իրենց լսողական, տեսողական ունակութիւնները զարգանան, ու ասոնց հետ՝ իրենց ստեղծարար կարողութիւնները եւ իրենց յիշողութիւնը։

 

 

«Ալնիս Բալնիս»ը եօթէն տասներկու տարեկաններու համար է։ Յայտագիրը կ’ընդգրկէ առօրեայէն քաղուած տարբեր նիւթեր, երեխաներուն եւ պատանիներուն առիթ տալով որ բարելաւեն հայերէնով հաղորդակցելու իրենց կարողութիւնը ու զարգացնեն իրենց վերլուծական ունակութիւնները։ Այս տեսերիզներուն միջոցաւ՝ նոր գաղափարներ կը ծագին, նոր բառամթերքով տարբեր նիւթեր կ՚արծարծուին։ Յայտագիրը երեխաները կը քաջալերէ որպէսզի իրենց հետաքրքրութիւնը խորացնեն եւ «ինչո՞ւ»ն ու «ինչպէ՞ս»ը հետապնդեն։

 

 

«Երդիք»ը նոր յայտագիր մըն է, հովանաւորուած՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին կողմէ։ Եօթը երիտասարդներ, Հիմնարկութեան նախաձեռնութեամբ գործադրուող լեզուական իւրացումի «Զարմանազան» ծրագիրէն ներշնչուած, յանձն առած են յայտագրին ստեղծարար բովանդակութեան պատրաստութիւնը։ «Երդիք»ի այդ խմբակին մասնակիցներն են՝ Սեւանա Չագրեան, Վահան Քերովբեան, Գայիանէ Կավրիլօֆ, Հրայր Գալեմքէրեան, Անոյշ Մխսեան, Վահագն Քէշիշեան եւ Ծաւի Պիլալեան։

Ծնողներ եւ դաստիարակներ կրնան հաւասարապէս գործածել «Երդիք»ին կայքէջը, ու այդ ձեւով արեւմտահայերէնը հնչեցնել իրենց երդիքներուն տակ։ Զուարճալի զբաղումներով, բոլորին տրամադրելի եւ մուտքը ազատ «Ակուլ Տուկուլ»ը եւ «Ալնիս Բալնիս»ը հաճելի միջավայր մը կը ստեղծեն բոլորին համար։

YERTIK.com

 

 

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։