Զարցանցի տեսանիւթ

04 փետրուար 2021

2020-ին ամառնային լեզուական ճամբարը, որ մինչեւ հիմա՝ 10-էն 24 տարեկան երեխաներ եւ երիտասարդներ ներշնչած էր, որպէսզի սորվին եւ ստեղծեն արեւմտահայերէնով, փոխադրուեցաւ թուային աշխարհ։ Միասին ըլլալու, մտերմանալու, միասնաբար աշխատելու, խումբով գործի մը նուիրուելու զգացումը պէտք է հիմա փոխադրուէր այդ աշխարհը, առանց կորսնցնելու լեզուին վրայ կեդրոնացումը։ Նոր նախաձեռնութիւնը կոչուեցաւ «Զարցանց 2.0», «Զար»ը փոխ առնելով «Զարմանազան»էն եւ «ցանց»ը պահելով, յիշեցնելու համար նոր ծրագիրին բնոյթը։ Անշուշտ «2.0»ն կը խորհրդանշէր ե՛ւ 2020 տագնապալից թուականին դժուարութիւնները, ե՛ւ Զարմանազանին հետ հիմնական կապը։

Զարցանց 2.0.ի աշխարհը

 

աւելին

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։