Նուիրատուութիւն Լիբանանի հայկական դպրոցներուն

22 յունուար 2021

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը, Լիբանանի հայ կրթական հաստատութիւններուն աջակցելու իր ռազմավարութեան համաձայն, երկրի 17 հայկական դպրոցներուն նուիրեց 650 գրասալիկ (tablet) եւ 50 համակարգիչ:

2020-ին, Պսակաձեւ ժահրին պատճառած բազմաթիւ տնակալումները առցանց ուսուցումը դարձուցին կրթական գործունէութեան կարեւոր բաղադրիչը ամենուրեք: Այնուամենայնիւ, Լիբանանի մէջ դպրոցական տարիքի հազարաւոր աշակերտներ դժուարութիւն ունին լիարժէք ձեւով հետեւելու առցանց դասերուն՝ համապատասխան սարքաւորումներու բացակայութեան պատճառով:

Երկրին մէջ տիրող տնտեսական ճգնաժամին եւ անկայունութեան գումարած 2020-ի Օգոստոսին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած պայթիւնը հայ համայնքին զգալի վնասներ եւ նիւթական կորուստներ պատճառեց, որուն հետեւանքով բազմաթիւ ընտանիքներ եւ դպրոցներ աշակերտներուն անհրաժեշտ սարքաւորումներ տրամադրելու միջոցները չունին:

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը կը շարունակէ համագործակցիլ Լիբանանի հայկական կրթական հաստատութիւններուն հետ: Համակարգչային սարքաւորումներու տուեալ նուիրատուութիւնը մասնիկն է կրթական հատուածին ուղղուած տարբեր ծրագիրներուն: Հիմնարկութիւնը կ’աջակցի նաեւ արեւմտահայերէնի աշխուժացումը հետապնդող տարբեր նախաձեռնութիւններու:

 

Թխուկներու կարգաւորում

Թխուկներու ընտրութիւն

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը թխուկներ կ՚օգտագործէ բարելաւելու համացանցային նաւարկութեան փորձառութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայքէջին կատարողականութիւնը։ Հիմնարկութիւնը կրնայ թխուկներ գործածել նաեւ տեղեկութիւն բաժնելու ընկերային ցանցերու վրայ եւ ձեր հետաքրքրութիւններուն համապատասխանող հաղորդագրութիւններ եւ ծանուցումներ ցոյց տալու համար, թէ՛ Հիմնարկութեան կայքէջին մէջ թէ՛ այլ կայքէջերու մէջ։