Արեւմտահայերէնի ամառնային ուսուցչական աշխատանոց՝ յաջորդ քայլերը

04 nov 2016

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժանմունքը Յուլիս 9էն 17ը աշխատանոց մը կազմակերպեց, արեւմտահայերէնով աշխատող 41 ու­սուցիչներու եւ ստեղծագործող­ներու մասնակցութեամբ, որոնք եկած էին ինը երկիրներէ միասնաբար լեզուի իւրացման գործիքներ զարգացնելու համար։

Խումբին մաս կը կազմէին դաստիարակներ, ուսումնականներ, գրողներ, երաժիշտներ, արուես­տա­գէտներ, դերասաններ եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան մաս­նա­գէտներ։ Մասնակիցները բաժնուած էին եօթը խումբերու։ Իւրաքանչիւր խումբ աշ­խա­տեցաւ արեւմտահայերէնի վերանորոգման վերաբերող մարտահրաւէրներու շօ­շա­փելի լուծումներ գտնելու համար։ Այդ աշխատանքին որպէս արդիւնք՝ եօթը ծրագրային նախաձեռնութիւններ մշակուեցան, որոնք ուղղակի կերպով պիտի նպաստեն արեւ­մտա­հայերէնի ուսուցման, արդիական եւ նորարար միջոցներով։

Սոյն նախաձեռնութիւններն են՝  

  1. Աշակերտներու ամառնային ճամբարի մը միացած՝ ուսուցիչներու վերա­պատ­րաստութեան հաւաք մը, որ տեղի պիտի ունենայ տարին անգամ մը։ Աշակերտներ եւ ուսուցիչներ, մէկը միւսէն սորվելով, միասնաբար պիտի զար­գացնեն հայերէնի իւրացման լաւագոյն կերպերը, որոնք այնուհետեւ լայնօրէն պիտի տարածուին։

2) Դասարանային եւ արտադասարանային պայմաններու համար նախատեսուած գործիք­նե­րու եւ ուսումնական ծրագրերու զարգացումը, որ պիտի կեդրոնանայ ընթերցումի եւ գրութեան ժամանակակից մեթոտաբանութիւններու վրայ, ի հարկէ՝ արեւ­մտա­հայերէնի կարիքներուն յարմարցուած։  

3) Տնօրէններու եւ կրթական ղեկավարներու հաւաքի մը կազմակերպումը, ուր դպրոցական մշակոյթի, ուսումնական ծրագրի բարեփոխման եւ այլ յարակից խնդիրներ պիտի քննարկուին եւ լաւագոյն կիրառումները պիտի փոխանցուին։

4) Մանուկներուն եւ պատանիներուն ուղղուած յատուկ խաղերու ստեղծումն ու յար­մարեցումը, միշտ կապուած հաղորդակցութեան համացանցային հարթակներուն, լեզուի իւրացումն ու գործածութիւնը զօրացնելու միտումով։

5) Երգ ու լեզու իրարու կապող երաժշտական աշխատանք մը, որ պիտի ընդգրկէ նոր երգերու յօրինումը, արդէն իսկ շրջագայութեան մէջ եղող երգերու նոր ձայնա­գրու­թիւնը, եւ ուսուցումի երաժշտական այլ եղա­նակ­ներ։

6) Արեւմտահայերէն մանկական գիրքերու հրատարակութիւն, թարգմանուած՝ հե­տե­ւեալ լեզուներէն. անգլերէն, ֆրանսերէն, փորթուկալերէն, արաբերէն, գերմա­նե­րէն, ճափոներէն, չինարէն, հոլանտերէն, եբրայերէն, պարսկերէն, իտա­լերէն, լեհե­րէն եւ շուէտերէն։ Գիրքերը տարիքային տարբեր խումբերու ուղ­ղուած պիտի ըլ­լան։ Նպատակը 60 գիրքերու հրատարակութիւնն է երեք տարուայ ըն­թաց­քին։  

7) Կայքէջի մը հաստատումը, որուն միջոցաւ վերոյիշեալ տեղեկութիւններն ու գոր­ծիքները մատչելի պիտի դառնան, աշխարհի երեսին ցրուած շահագրգիռ անձերը իրարու կապելով։

Այս նախագիծերուն զարգացումն ու գործադրութիւնը ձեռք պիտի բերուին Յուլիս 2016ի կրթական աշխատանոցի մասնակիցներուն եւ հրաւիրեալ այլ փորձագէտներու կողմէ։  

Վերոյիշեալ նախաձեռնութիւնները զարգացնելու կողքին, աշխատանոցը խմբական նշանակալից ուժականութեան մը հիմքը հանդիսացաւ։ Ստեղծագործական ոգի ու գործ­­նական արդիւնք կողք կողքի կ՚ընթանային։ «Ի՛նչ գեղեցիկ միջոցառում», կ՚ըսէր մասնակիցներէն մէկը եզրափակիչ նիստի ընթացքին, ակնարկելով ստեղծուած խան­դավառութեան։ Յափշտակիչ էր տեսնել, թէ ինչպէ՛ս աշխարհագրական ու սերնդային առումով բազմազան խումբ մը, որ տարբեր մասնագիտութիւններու տէր ու տարբեր մօտեցումներու վարժ անձերէ կազմուած էր, համատեղ աշխատեցաւ (ու յանձն առաւ շարունակել աշխատանքը) արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ի խնդիր։  

Այս նախաձեռնութիւնները պիտի զարգացուին յառաջիկայ քանի մը ամիսներուն։ «Հայ­կական Համայնքներու բաժանմունքը խանդավառութեամբ կ՚աջակցի նման նա­խա­ձեռ­նութիւններու» յայտարարեց բաժանմունքին տնօրէնը՝ Ռազմիկ Փանոսեան, աւել­ցնե­լով. «Այս աշխատանոցը հնարաւորութիւնն ունի իսկական ներգործութիւն ունենալու արեւ­մտա­հայերէնի դասաւանդման եւ իւրացման ձեւերուն վրայ, շնորհիւ մաս­նակից­ներու յանձնառութեան եւ անոնց արտադրելիք նիւթերուն»։

Ամառնային աշխատանոցը կազմակերպուած ու համադրուած էր բաժանմունքի արեւ­մտահայերէնի վերաշխուժացման ման ծրագիրներու աւագ վարիչ Անի Կարմիրեանի կողմէ, Անի Գուլեանի աջակցութեամբ։ Աշխատանոցի մասնակիցներն էին Մելինէ Ղազարեան, Անուշ Մխսեան, Ծովինար Մկրտիչեան, Սօսէ Մնակեան, Յասմիկ Շահինեան, Ժիրայր Չոլաքեան, Անահիտ Սարգիսեան, Անահիտ Տօնապետեան, Մարալ Քերովբեան, Շուշան Քերովբեան (Ֆրանսա), Շողեր Մարկոսեան, Ժանէթ Յովհաննիսեան (Պելճիքա), Մարալ Քիւրքճեան (Յունաստան), Վահան Քերովբեան (Փորթուկալ), Նէլլի Գոմոլեան, Յակոբ Եագուպեան, Անգը Պաթայնէ, Շանթ Տեմիրճեան, Թալին Օրտողլեան (Լիբանան), Արուսեակ Գոչ-Մոնէ, Նարոտ Գուրուղօղլու, Մարալ Էպէօղլու-Սաթար, Գայիա­նէ Կավրիլօֆ, Մարալ Հերկել-Էօզտաղ, Նաթալի Պաղտատ-Թուրաչ, Սեւան Տէյիմենճեան (Թուրքիա), Շուշան Կարապետեան, Յակոբ Կիւլլիւճեան, Էյմի Հիւզ, Սիլվա Մեսրոպեան, Սա­նան Շիրի­նեան, Սէրուժ Ուրիշեան, Քրիս Պետեան, Վահէ Պէր­պէ­րեան (ԱՄՆ), Լորի Ապրաքեան, Յասմիկ Ինճէճիկեան, Սոնիա-Սանան Քիլէճեան (Գանատա), Քրիստիան Բատիկեան, Նայիրի Խաչատուրեան, Սեւանա Չագրեան, Գեւորգ Փա­լան­ջեան (Հայաստան)։  

Այս նախաձեռնութիւնը մաս կը կազմէ Հայկական Համայնքներու բաժանմունքին ընթա­ցիկ աշխատանքին՝ արեւմտահայերէնի վերանորոգման ի խնդիր։ Բխած է բաժան­մուն­քին աջակցութեամբ Սեպտեմբեր 2015ին Փարիզի Արեւելեան Լեզուներու եւ Քաղաքա­կրթու­թիւններու Ազգային Հիմնարկին (INALCO) մէջ տեղի ունեցած  «Նորա­րա­րութիւն կրթութեան մէջ. արեւմտահայերէնի ուսուցման մարտահրաւէրները 21րդ դարուն» գի­տա­ժողովէն։

Cookies settings

Cookies Selection

This website uses cookies to improve your browsing experience, security, and its website performance. We may also use cookies to share information on social media and to display messages and advertisements personalised to your interests, both on our website and in others.